
ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.», «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի խորհրդարանը Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22ին, վաւերացուց Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններու, ներառեալ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող բանաձեւը, որ օրէնքի ուժ ստանալու պարագային, մինչեւ մէկ տարուան բանտարկութեան եւ 45 հազար եուրօ տուգանքի պիտի դատապարտէ ուրացողները:
Օրինագիծը պէտք է ներկայացուի Ծերակոյտին եւ հոն եւս վաւերացուելէ ետք, պէտք է ստորագրուի հանրապետութեան նախագահին կողմէ:
Բանաձեւին հեղինակն էր իշխող կուսակցութենէն երեսփոխան Վալերի Պուայէն, որ քուէարկութենէն ետք ողջունեց անոր վաւերացումը, միաժամանկ կրկնելով, թէ ցնցուած է Թուրքիոյ ցուցաբերած խիստ հակադարձութենէն:
«Թուրքիոյ ցուցաբերած վերաբերմունքը խոտոր կը համեմատի Եւրոմիութեան անդամակցելու անոր փափաքին: Եւրոմիութան անդամակցիլ փափաքող երկիր մը դրական պատասխան պէտք չէ ակնկալէ, երբ հակադարձութեանց եւ սպառնալիքներու լեզուով կը մօտենայ Ֆրանսայի», աւելցուց ան:
Բանաձեւի քննարկման ընթացքին, ֆրանսացի երեսփոխանները շեշտեցին, թէ ցեղասպանութիւնը ուրացողները պարզապէս կը շարունակեն ցեղասպաններուն սկսած գործողութիւնը: Անոնք նաեւ յայտնեցին, թէ անտրամաբանական է այն իրողութիւնը, որ մինչ Ֆրանսա ճանչցած է երկու ցեղասպանութիւններ՝ հրէական Ողջակիզումը եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, անոնցմէ միայն առաջինին պարագային է, որ ուրացումը քրէականացնող օրէնք մը գոյութիւն ունի: Նշուեցաւ նաեւ, թէ Զուիցերիան արդէն ունի նման օրէնք մը, իսկ Սլովաքիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը կը սպասէ քննարկումի:
Քրիսթիան Էսթրոզի յայտնեց, որ եթէ օրէնք մը պատիժներ չի նախատեսեր, ապա ան չի կրնար դէմ դնել անոր ոտնակոխման: «2001ին ես այս ամպիոնէն հանդէս եկայ նոյնքա՛ն յուզմունքով ու վճռականութեամբ: Մենք միաձայն պիտի քուէարկենք Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրէնքին ի նպաստ», յայտարարեց պատգամաւորը:
Ան աւելցուց, թէ օրինագիծը կ՛առնչուի բացառիկ ժողովուրդի մը, որուն համար Ֆրանսան դարձած է ապաստանարան, իր պատմութեան դժուար ժամանակաշրջանին: «Հոս հանգրուանած սերունդը իր նոր սերունդին փոխանցած է, թէ նոր հայրենիքը՝ Ֆրանսան, կ՛ընդունի համապատասխան միջոցառումներ եւ կը նպաստէ տեւական ու կառուցողական խաղաղութեան՝ Թուրքիոյ հետ: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը այսօր կը հանդիպի մեր պատմութեան եւ հպարտ եմ, որ կողմ պիտի քուէարկեմ այս բանաձեւին», ըսաւ Էսթրոզի:
Ըստ անոր, օրինագիծը վիրաւորանք չէ Թուրքիոյ հասցէին, այլ՝ ժողովրդավարական հասունութեան ցուցանիշ: «Նոր հազարամեակը պէտք է հայ ժողովուրդին վերադարձնէ իր արժանապատուութիւնը», աւելցուց ան:
Իշխող կուսակցութենէն հայազգի երեսփոխան Փաթրիք Տեւեճեան եւս ողջունեց քուէարկութեան արդիւնքը եւ ըսաւ, թէ բանաձեւին նպատակն է կասեցնել յատկապէս օտար պետութեան կողմէ Ֆրանսայի մէջ պատմութիւնը խեղադիւրելու փորձերը: «Մենք պատմութիւնը վերագրելու չենք ելած, որովհետեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական անհերքելի իրողութիւն մըն է», ըսաւ ան, հակադարձելով թրքական այն քննադատութեանց, թէ՝ խորհրդարանները պէտք չէ պատմութեամբ զբաղին:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ընկերվարական կուսակցութեան խմբակցութեան անդամ Ռենէ Ռուքեն, որ յայտարարեց, թէ ընկերվարականները միասնաբար կողմ պիտի քուէարկեն օրինագիծին:
Երեսփոխան Ժան Քրիսթոֆ Լակարտ եւս քննադատեց Թուրքիոյ սպառնալիքները եւ շեշտեց, թէ Անգարա չի կրնար իր կամքը պարտադրել Ֆրանսայի խորհրդարանին:
Ըստ Լակարտի, Ցեղասպանութեան ժխտումը պէտք է դատապարտել, հակառակ պարագային՝ անիկա պիտի դառնայ նոր ցեղասպանութեան հիմք, եւ ֆրանսացի երեսփոխանները իրաւունք չունին աչք փակելու ցեղասպանութեան նկատմամբ:
Ներկայիս իշխող Միութիւն յանուն ժողովրդային շարժումի կուսակցութենէն երեսփոխան Ռընօ Միւսելիէ յայտարարեց, որ Թուրքիա իր միջազգային դիրքը պիտի ամրապնդէ, եթէ Գերմանիոյ նման իր անցեալը ընդունի։ Ան անուղղակի կերպով Էրտողանի վերջերս կատարած յայտարարութեան պատասխանելով՝ ըսաւ, որ այս օրինագիծը Թուրքիոյ, թուրք ժողովուրդին կամ Ֆրանսայի թուրք համայնքին դէմ ուղղուած չէ։ Ըստ Միւսելիէի, այդ օրէնքը կը համապատասխանէ հանրապետութեան արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն։ «Անգամ մը եւս ըսենք, որ այս օրէնքը Թուրքիոյ դէմ չէ եւ որեւէ համայնքի շահերը չի պաշտպաներ։ Անիկա պարզապէս թոյլ կու տայ ժխտողականութեան երեւոյթէն պաշտպանուելու։ Եւ վերջապէս կ՛ուզեմ ըսել, որ Թուրքիոյ պաշտօնեաներուն պատիւ պիտի բերէ իրենց պատմութեան հայեացք նետելը», ըսաւ Միւսելիէ։