ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
1991ին, խումբ մը անձնազոհ հայուհիներու ջանքերուն եւ օրուան ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան անսակարկ քաջալերանքին շնորհիւ, Պըրպենքի փոքրաթիւ հայկական գաղութին մէջ հիմը դրուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) մասնաճիւղին, որ յորդառատ գործունէութիւն ունենալու հեռանկարով կոչուեցաւ հայրենի հանրայայտ Արազ գետի անունով:
Եւ այսպէս, ՀՕՄի Պըրպենքի «Արազ» մասնաճիւղը, իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ, նախաձեռնեց ՀՕՄի քարոզչութիւնը շրջանէն ներս եւ կարողացած է տիրական ներկայութիւն ըլլալ Պըրպենք քաղաքէն ներս:
Այս տարի, մասնաճիւղը կը բոլորէ իր գործունէութեան 20ամեակը, որ մեծ շուքով պիտի նշուի 4 Փետրուար 2012ին:
Մասնաճիւղի 20րդ վարչութեան կազմի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ 15 Օգոստոս 2011ին գումարուած Ընդհանուր ժողովի ընթացքին: Այսպէս վարչական ընտրուեցան հետեւեալ անդամները.-
– Սեդա Մարթիր՝ ատենապետուհի
– Փառքուհի Խաչատուրեան՝ փոխ ատենապետ
– Շաքէ Շամոյեան՝ քարտուղարուհի
– Նանիկ Քիւփէլեան՝ գանձապահ
– Սիլվա Սօսիկեան՝ խորհրդական
– Զարթիկ Խաչատուրեան՝ խորհրդական
– Ժանին Պուտաքեան Խորհրդական:
Նոյն ժողովին մասնաճիւղը բախտաւորութիւնը ունեցաւ վայելելու ներկայութիւնը նորընտիր շրջանային վարչութեան անդամներ Քրիսթին Քէշիշեանին, Արմէնուհի Թովմասեանին, Սեդա Յակոբեանին, Լիզա Սանդիկեանին եւ մասնաճիւղի մօտ Շրջ. վարչութեան կապ Ժարմէն Միրզախանեանին: Վերջինս սրտի իր խօսքը փոխանցելով շնորհաւորեց մասնաճիւղը եւ նորընտիր վարչութեան անունով նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց մասնաճիւղի աշխատանքներուն:
Ժողովի վերջին բաժինով տեղի ունեցաւ գեղեցիկ անակնկալ մը: Ընթացաւարտ վարչութենէն ընկերուհիներ Անի Չալեանին (ատենապետ), Նորա Պօյաճեանին եւ Հուրիկ Դաւիթեանին գնահատագիրներ յանձնուեցան, առ ի երախտագիտութիւն ՀՕՄին հանդէպ ցուցաբերած իրենց անսակարկ նուիրումին եւ երկամեայ անխոնջ աշխատանքին:
Նորընտիր վարչութիւնը մշակելով իր միամեայ գործունէութեան ծրագիրը, աշխատանքի սկսաւ եւ ցարդ իրագործեց իւրայատուկ երեք ձեռնարկներ, որոնց առաջինը երդման արարողութիւնն էր, որ տեղի ունեցաւ 20 Սեպտեմբեր 2011ի երեկոյեան ՀՕՄի կեդրոնին մէջ: ՀՕՄուհիի իրենց ուխտը կատարելով այդ երեկոյ ՀՕՄի շարքերուն միացան Անի Բաբիսեան, Իռէն Ասլանեան, Ռուպինա Սալայեան, Ճէնիկ Ղուկասեան, Սեդա Գարալէքեան, Շուշան Կիրակոսեան, Սօնա Տօրանեան, Մարալ Մանուկեան եւ Գեղանի Դաւիթեան:
Կնքամայրութեան պատասխանատու պարտականութիւնը վստահուած էր մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներէն, վաստակաշատ ՀՕՄուհի Անի Չալեանին, որ նախքան ուխտի արարողութիւնը, բացատրեց նորագիրներուն ՀՕՄի խորհրդանիշի իմաստը եւ ՀՕՄի մեծ ընտանիքի հետապնդած նպատակները: Ապա, խօսքը ուղղելով անոնց ըսաւ. «Բոլորդ ալ գիտակից, նուիրեալ հայուհիներ էք եւ վստահ եմ ձեր առօրեայ կեանքի մէջ օգնելը, զոհուիլը ձեր ընտանիքին, դպրոցին, դրացիին համար, սովորական երեւոյթներ են: Սակայն երբ կը միանաք ՀՕՄի մեծ ընտանիքին, ձեր այդ առօրեան կը դառնայ ընդհանրական եւ ձեր գործը կը նպաստէ Արցախին, æաւախքին, Հայաստանի, Միջին Արեւելքին, մէկ խօսքով մեր ամբողջ ազգին»:
Ընկերուհին վստահեցուց, թէ ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղը, որուն կը միանան այսօր, հայ կիներու խմբակ մը չէ, այլ հայ ազգին ծառայող հայուհիներու կազմակերպութիւն մը, որ յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ շնորհիւ իր կամաւոր անդամուհիներուն, որոնք իրենց առաւելագոյնը կու տան ՀՕՄի մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման համար:
Ուխտի արարողութենէն ետք, կնքամայր Չալեան, իւրաքանչիւր նորագիրի ծաղիկ մը նուիրեց, մաղթելով անոնց ծաղկուն գործունէութիւն ՀՕՄի շարքերէն ներս:
Վարչութեան երկրորդ կարեւոր աշխատանքը նախաճաշի ձեռնարկի մը կազմակերպումն էր, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2011ին, ՀՕՄի կեդրոնին մէջ: Մասնաճիւղի հանգանակային մեծագոյն ձեռնարկը նկատուող այս նախաձեռնութիւնը իր ճոխութեամբ մեծապէս գոհացուց մասնակիցները: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին գլխաւորաբար մասնաճիւղի անդամուհիները: Իսկ ներկաները բարի գալուստի քաղցր խօսքերով ողջունեց ատենապետուհի Սեդա Մարթիր: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Շրջ. վարչութեան փոխ ատենապետուհի Գարմէն Լիպարիտեան եւ մասնաճիւղի մօտ Շրջ. վարչութեան կապ Ժարմէն Միրզախանեան: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, ինչպէս նաեւ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Մասնաճիւղի երրորդ գլխաւոր ձեռնարկը հրապարակային դասախօսական երեկոն էր, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 30 Նոյեմբեր 2011, երեկոյեան ժամը 7ին, ՀՕՄի կեդրոնին մէջ: Երեկոյի նիւթն էր «Վերանկախացման շրջանի գրական մօտեցումներն ու հայեացքները՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ»: Հետաքրքրական այս նիւթը գեղեցկօրէն ներկայացուց «Շամլեան» ազգային վարժարանի հայ գրականութեան ուսուցիչներէն Սարօ Նազարեանը: Ներկաներուն հարց ու պատասխանի առիթ տրուեցաւ, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Պէտք է ընդգծել, թէ քանի մը ընկերուհիներով հիմնուած այս մասնաճիւղը, անցնող քսան տարիներու ընթացքին, մարդասիրական իր գործունէութեամբ փորձեց օգտակար հանդիսանալ Պըրպենքի համայնքին: Ցարդ կը գործէ մասնաճիւղի մասնակի ժամով Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը, ընդունելով հայ թէ օտար յաճախորդներ:
Ուրախութեամբ կարելի է ընդգծել նաեւ, որ Պըրպենքի մէջ հայ կեդրոն մը ունենալու մասնաճիւղի երազանքը իրականութիւն դարձած է արդէն: ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէութեան գլխաւորութեամբ եւ քոյր կազմակերպութիւններու գործակցութեամբ, շրջանը ունեցաւ իր ընդարձակ կեդրոնը, ուր յատուկ տեղ վերապահուած է ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղին: Այսպիսով մասնաճիւղը կարելիութիւնը պիտի ունենայ ուսման եւ ընկերային կարեւոր հարցերու առնչուող իր ծրագիրները իրականութիւն դարձնել:
Ներկայիս մասնաճիւղը կը պատրաստուի տօնախմբելու իր հիմնադրութեան 20ամեակը: Համապատասխան յանձնախումբը, Նանիկ Քիւփէլեանի գլխաւորութեամբ արդէն իսկ աշխատանքի սկսած է, առաջին հերթին կազմակերպելով ճաշկերոյթ-պարահանդէս մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 4 Փետրուար 2012ի երեկոյեան, Կլէնտէյլի Հիլթըն պանդոկի սրահին մէջ:
«Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» կարգախօսով առաջնորդուող 100ամեայ ՀՕՄը միշտ վստահած է իր ժողովուրդին եւ անոր քաջալերանքով ոյժ ստացած է: Թող ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի 20ամեակը, ընդգծուած այս վստահութեան հարազատ պատկերը հանդիսանայ:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ: