ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ՀՕՄի շրջանային վարչութիւնը այս տարի գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր ամանորեայ մարդասիրական իր աշխատանքներուն առընթեր, նաեւ օգտակար հանդիսանալ տեղական կազմակերպութեան մը նշանակալից աշխտանքին, որ այս պարագային՝ Desi Geestman Foundation-ը հանդիսացաւ: Այս հիմնարկութեան Ամանորեայ ձեռնարկը City of Hope հիւանդանոցի գլխաւոր սրահին մէջ կազմակերպուած «Գիշերանոցի հաւաքոյ»չ մըն էր, նոյն հիւանդանոցէն ներս բուժուող քաղցկեղով տառապող փոքրիկներու եւ անոնց ծնողներուն համար:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2011ի երեկոյեան: ՀՕՄը ձեռնարկի մասնակից երեխաներուն նուիրեց 304 գիշերանոցներ, որոնք տրամադրուած էին շրջանի ՀՕՄի մասնաճիւղերու, Ross վաճառատան, Jockey հաստատութեան եւ ՀՕՄի անդամուհի Կիթառիկ Քոչարեանի կողմէ. անոնք արժանացան հիմնարկութեան հիմնադիր եւ օրուան ձեռնարկի կազմակերպիչ Այլին Կիսթըմի բարձր գնահատանքին:
Desi Geestman Foundation-ը հիմնուած է City of Hope-ի հիւանդներէն քաղցկեղէ մահացած փոքրիկն Desi-ի յիշատակին, մօրը՝ Այլին Կիսթըմի նախաձեռնութեամբ: Հիմնարկութիւնը նպատակ ունի նիւթաբարոյական զօրակցութիւն ցուցաբերել մանկական զանազան հիւանդանոցներու մէջ բուժուող եւ քաղցկեղէ տառապող հիւանդներուն ու անոնց ընտանիքներուն:
Հազիւ տասնամեակ մը կեանք ունեցող այս հիմնարկը, իր մարդասիրական նպատակներուն շնորհիւ արդէն իսկ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ շրջանէն ներս. անոր կը զօրակցին բազմաթիւ հաստատութիւններ եւ կազմակերպութիւններ՝ կամաւոր աշխատանքով, նուիրատուութեամբ եւ այլ միջոցներով: Բծախնդրութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկին իրենց զօրակցութիւնը յայտնած էին 28 կազմակերպութիւններ, հանրային վարժարաններ եւ անհատներ: Միակ հայկական կազմակերպութիւնը Հայ Օգնութեան Միութիւնն էր, որ գիշերանոցներ նուիրելէ բացի, իր ներկայացուցիչներով միացած էր օգնողներու խումբին՝ յանձինս Նայիրի Տէրտէրեանի, Քրիսթին Քէշիշեանի, Ժարմէն Միրզախանեանի, Սեդա Յակոբեանի եւ Լիզա Սանդիկեանի: Անոնց կ՛ընկերակցէին նաեւ Շրջ. վարչութեան քարտուղարուհի Մարօ Քէշիշեան եւ Կիթառիկ Քոչարեան: Անոնք օգտակար հանդիսացան մասնակիցները հիւրընկալելով, անոնց անձնապէս ճաշ հիւրասիրելով, նուէրներ բաժնելով եւ մանաւանդ գողտրիկ զրոյցներ ունենալով անոնց հետ: Ուրախալի էր նաեւ ՀՕՄի նուիրած գիշերանոցներով տեսնել փոքրիկները:
Ցաւալի երեւոյթ էր իմանալ հիւանդ այս երեխաներուն մասին, միաժամանակ սակայն հոգեկան մեծ բաւարարութիւն՝ տեսնելով անոնց դէմքերուն վրայ ուրախութեան ժպիտները, երբ կը հիւրասիրուէին, Կաղանդ պապային հետ կը նկարուէին կամ նուէրներ կը ստանային:
«Շրջանային վարչութիւնը ընտրեց իւրայատուկ այս ձեռնարկի հովանաւորութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով փոքրերուն համար նախատեսուած ըլլալու իր հանգամանքը: Կը կարծենք, որ 100ամեայ ՀՕՄը պէտք է գործակցի նաեւ ոչ հայկական եւ նպատակալից կազմակերպութիւններու, որպէսզի հանրութեան ներկայացնէ ՀՕՄի զօրութիւնը եւ հետապնդած նպատակները: Այո՛, ՀՕՄը որքա՛ն ալ հայկական կազմակերպութիւն ըլլայ, միաժամանակ սակայն պատրաստ է օգտակար հանդիսանալու մարդկութեան, յատկապէս գործակցելով նման կազմակերպութիւններու, որոնք ժպիտ կը դրոշմեն նման հիւանդ ու անմեղ երեխաներու դէմքերուն վրայ», ձեռնարկի աւարտին մեծ գոհունակութեամբ ընդգծեց ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեանը:
Կասկածէ վեր է որ ՀՕՄի այս ձեռնարկի մասնակցութիւնը գեղեցիկ «ժեստ» մըն է, որ վստահաբար պիտի շարունակուի հայ եւ տեղական մարդասիրական կազմակերպութիւններու հետ: