
ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը գրէ. «Երէկ (Չորեքշաբթի, 14 Դեկտեմբեր) Կալաթասարայի «Ճեզայիր» շէնքի սրահին մէջ, հայոց տեսանկիւնէն շատ կարեւոր ու նաեւ արտասովոր բանախօսութիւն մը սարքեց թուրք յառաջապահ մտաւորական եւ յայտնի պատմաբան Օսման Քէօքեր՝ «Կորուսեալ պատմական ժառանգութիւնը» նիւթով»։
Օսման Քէօքէր այս նիւթին հիման վրայ ներկայացուցած է Անատոլուի ամբողջ տարածքին վրայ սփռուած հայկական այն հարիւրաւոր եկեղեցիները, որոնք գոյութիւն ունէին նախքան 1915ը, ապա բացատրեց, թէ հայոց տեղահանութենէն ետք ինչպիսի՛ տեսարան ստացան անոնք։
Այս ձեռնարկին զօրավիգ կը կանգնէր Պոլսոյ Մարդկային իրաւանց միութիւնը, որուն նախագահը՝ Այշէ Կիւնայսու, եւս ներկայ էր սրահէն ներս։
Բանախօսութեան հետեւելու եկած էին նաեւ թուրք փաստաբաններ, պատմաբաններ, պատմութեամբ հետաքրքրուող անձեր, ուսանողներ ու պետական կալուածական գրասենեակի պաշտօնեաներ։
Օսման Քէօքերի կողքին ներկայ եղած է Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նորոգութեան ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլու, որ յայտնապէս զօրակցութեան իր բաժինը բերած էր բանախօսին՝ հայկական եկեղեցիներու ծանօթացման գծով։
Օսման Քէօքեր իր նիւթը ներկայացուցած է վաւերական փաստերով։ Ըստ «Մարմարա»յի, ան նկարներու օգտագործումով նրկայացուց հայկական եկեղեցիներու ու վանքերու նախքան 1915ի վիճակը, ապա յաջորդ պատկերով մը՝ այդ կառոյցներուն ներկայ վիճակը, այս կերպով ցոյց տալով այն ահաւոր աւերը, որ գործուած էր հայերու մեկնումէն ետք։ «Օսման Քէօքեր միաժամանակ կը պատմէր, թէ այդ եկեղեցիները ապագային ի՞նչ նպատակով գործածուած էին այդ վայրերու նոր բնակիչներուն կողմէ, եթէ հայ ժողովուրդի մեկնումէն ետք անոնք կրցած էին կանգուն մնալ. իսկ եթէ հիմնայատակ քանդուած էին, ապա ի՞նչ բանի ծառայած էին քանդուած եկեղեցիներէն դուրս բերուած յիշատակարանները, հայատառ արձանագրութիւնները եւ գերեզմանաքարերը», կը տեղեկացնէ «Մարմարա»։
Քէօքեր յիշեցուցած է նաեւ, որ եկեղեցիներու խորանները միշտ կը նային դէպի արեւելք, իսկ մզկիթները կը նային հակառակ ուղղութեամբ։ Մինչդեռ այսօր կան բազմաթիւ մզկիթներ, որոնք դէպի արեւելք կը նային, ինչ որ փաստ է, որ անոնք նախապէս եկեղեցիներ էին։
«Սրահին մէջ ներկայ հայերուն համար չափազանց յուզիչ էին բնականաբար պարզուած տեսարանները, բայց խորունկ ցաւ կը զգային նաեւ արուեստի սիրահար այն թուրք կամ օտարազգի ներկաները, որոնք ուշադրութեամբ կը հետեւէին փաստերով ներկայացուած մշակութային այս թալանին», կը գրէ «Մարմարա»։
Օսման Քէօքեր այսպիսով ներկայացուցած է Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին, Վանի արեւելեան Վարագայ վանքը, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս ու Ս. Սարգիս եկեղեցիները, Մշոյ Ս. Առաքելոցը, Արաբկիրը եւ Մալաթիան։
Ըստ «Մարմարա»ի, Քէօքեր կը պատմէր, թէ այս եկեղեցիները աւելի ետք գործածուած էին տարբեր նպատակներով։ Անոնք երբեմն շտեմարան, յարդանոց, երբեմն զինուորական զօրանոց, երբեմն նոյնիսկ հանրատուն եղած էին։ «Քէօքէր կը թուէր նաեւ Խարբերդի, Սվազի, Զէյթունի, Արմաշի, Պուրսայի, Իզմիրի, Մալաթիոյ, Ալեմտաղի, Գայսերիի, Թալասի, Տրապիզոնի, Այնթապի, Հաճընի, Սսոյ, Էտիրնէի, Ուրֆայի, Մարաշի, Եոզկատի, Էրզրումի, Էրզինճանի, Օրտուի ու Աֆիոնի վանքերը, եկեղեցիները, դպրոցները։ Նաեւ այդ թուականներուն հայերու կողմէ հրատարակուած թերթերը, պարբերաթերթերը։ Քէօքեր կու տար իւրաքանչիւր եկեղեցիին ու անոր շուրջ բնակած հայերուն բարեմասնութիւններն ու պատմութիւնները, անոնց բարքերուն ու ապրելակերպին մասին տեղեկութիւններ։ Տեղացիները այս եկեղեցիներուն մէկ մասը պայթեցուցին ու վերցուցին մէջտեղէն։ Քէօքեր իր բացատրութիւններուն կը կցէր քննադատական ու երբեմն ալ հեգնական արտայայտութիւններ», կը նկարագրէ «Մարմարա»ն։
Այս զեկուցումէն ետք Քէօքեր խօսք տուած է նաեւ Զաքարիա Միլտանօղլուի, որ իր կարգին մեկնաբանած է օրուան նիւթը։ «Ան քանիցս կրկնեց, թէ այս բոլորը հետեւանք էին պետական քաղաքականութեան. ան նշեց Էրզրումի Սանասարեան վարժարանը ու Պոլսոյ մէջ, Սիրքեճիի Սանասարեան խանը, նաեւ յայտնեց, թէ Աթաթիւրք հետագային Էրզրումի համաժողովը գումարած է յիշեալ քաղաքի Սանասարեան վարժարանին մէջ։ Սիրքեճիի Սանասարեան խանը հիմնուած է նիւթական նպաստ մատակարարելու համար Էրզրումի Սանասարեան վարժարանին։ Յիշեց, թէ այս շէնքերէն երկուքն ալ այլեւս չեն այն, ինչ էին անցեալին», կը յայտնէ «Մարմարա», աւելցնելով, որ Քէօքերի այս նախաձեռնութիւնը ողջունուեցաւ բուռն ծափահարութիւններով: