ԺԸՆԵՒ, «Էյ.Փի.».- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16ին, Համաշխարհային առեւտուրի կազմակերպութիւնը որոշեց ընդունիլ Ռուսիոյ անդամակցութեան դիմումը: Համաձայնութիւնը կ՛ակնկալուէր, որովհետեւ Վրաստան վերցուցած էր վեթոյի սպառնալիքը: Ռուսիա պաշտօնապէս անդամ պիտի դառնայ, երբ Ռուսիոյ խորհրդարանը վաւերացնէ անդամակցութեան համաձայնութիւնը: Ռուսիոյ անդամակցութիւնը նպաստաւոր պիտի ըլլայ յատկապէս Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն համար, որոնք այսուհետեւ աւելի նպաստաւոր պայմաններով պիտի կարենան Ռուսիոյ հետ առեւտուր ընել: Կ՛ակնկալուի, որ Եւրոմիութեան անդամ երկիրները, տարեկան աւելի քան 5 միլիառ տոլարի յաւելեալ արտածումներ կատարեն այս համաձայնութեան շնորհիւ: Իր կարգին, Ռուսիա պիտի սկսի աւելի լաւ պայմաններով ուժանիւթ արտածել դէպի Եւրոպա:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.