
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Վզ.ռու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարած է, թէ Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուող քաղաքականութիւնը «Իսրայէլը ծունկի բերած է»։
Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը այս յայտարարութիւնը կատարած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ խորհրդարանական քննարկումներու ընթացքին։
Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացան Մայիս 31, 2010ին, իսրայէլեան ուժերուն կողմէ «Ազատութեան նաւատորմիղ»ի մաս կազմող թրքական «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն դէմ կատարուած յարձակումին պատճառով, որուն ընթացքին 9 թուրքեր սպաննուեցան։