ՊԷՅՐՈՒԹ.- Թրքական լաւատեղեակ աղբիւրներ լիբանանեան «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնած են, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու անձնապէս աշխատանք կը տանի՝ կազմակերպելու համար Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի մէջ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան նուիրուած խորհրդաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ մէջ։
Աղբիւրները կը նշեն, թէ ասիկա շրջանային քաղաքականութեան մէջ առաջին քայլն է, որ կը վերաբերի քրիստոնեաներուն, նկատի ունենալով, որ անոնք Միջին Արեւելքի հասարակութեանց մէջ հիմնական բաղադրիչ տարր մըն են, եւ շրջանին մէջ՝ մշակութային ու կրօնական բազմազանութեան երաշխիք մը։
Ըստ թրքական աղբիւրներու, թրքական քայլին նպատակն է չէզոքացնել Սուրիոյ մէջ համայնքային բախումներու վտանգին շուրջ մտավախութիւնը, որ Սուրիոյ ներկայ վարչակարգի տապալման դէմ պատրուակ կը գործածուի: Թուրքիա, այս քայլով, կ՛ուզէ նաեւ արեւմտեան պետութեանց ձեռամբ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ապագային սպառնացող վտանգին ահազանգումը չէզոքացնել։
«Ցեխին քար մի նետեր՝ վրադ կ՛ձատկէ» կըսէ Հայկական առակը։
Կարծեմ թէ, թրքական լուրը անուղղակի պատասխան մըն է՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.կաթողիկոսի, 31 Օգոստոսի նամակին՝ ուղղուած թուրքիոյ Վարչապէտ Էրտողանին, «Հիւանդագին Ցեխը», որը քաչութիւնը չունեցաւ յարգանքով պատասխանելու Արամ Ա.ի նամակին որուն մէջ (Վեհափառը) ըսաւ «Հայ Ժողովուրդը երբեք չէ յուսահատած. ան շարունակած է քաջօրէն աշխատիլ ու սպասել։ Ան տակաւին կը սպասէ…»
Նաեւ, վերոյիշեալ Երկիրներու, Միջին Արեւելքի Քրիստոնիայ Եկեղեցիներուն Խորհուրդին վերընտրեալ ատենապէտը՝ նոյն ինքն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.կաթողիկոս։