
ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16ին, աւելի քան 100 ցուցարարներ վիրաւորուեցան Գահիրէի մէջ, երբ ոստիկանութիւնը բռնարարքներու դիմեց՝ ցրուելու համար բանակին դէմ կազմակերպուած ցոյց մը: Բռնարարքները տեղի ունեցան՝ հակառակ բանակի հրամանատարութեան այն խոստումին, թէ խաղաղ ցոյցեր պիտի արտօնուին մայրաքաղաքին մէջ: Բանակը այդ խոստումը կատարած էր անցեալ ամիս, կառավարութեան մէջ բանակի ազդեցութեան ընդդիմացող ցուցարարներուն եւ ապահովական ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներէն ետք, որոնք աւելի քան 40 զոհ խլած էին: