
– Հնդկաստանի ոստիկանութիւնը Դեկտեմբեր 16ին ձերբակալած է ապօրինի կերպով ոգելից ըմպելիներ արտադրած առնուազն 12 հոգի, մինչ կը հաղորդուէր, թէ այդ խմիչքները ըմպած աւելի քան 170 հնդիկներ մահացած են վերջին քանի մը օրերուն, որովհետեւ խմիչքներուն մէջ թունաւոր նիւթեր եղած են: Ոստիկանութիւնը կը շարունակէ հետապնդել ապօրինի այս արտադրութեանց գլխաւոր պատասխանատուն:
– Պոլսոյ մէկ ատեանը թրքական «Պիր Կիւն» թերթի թղթակից Իլքեմ Էզկի Աշամըն մէկ տարուան բանտարկութեան դատապարտեց Դեկտեմբեր 16ին, պարզապէս որովհետեւ ան իր յօդուածներէն մէկուն մէջ մէջբերած էր թուրք մարդկային իրաւանց գործիչի մը այն պնդումը, թէ՝ քիւրտերու զանգուածային գերեզման մը գտնուած է:
– «Էսոշիէյթըտ Փրէս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի աշխատակազմը յայտնած է, թէ նախագահը պատրաստ է Իրանի Կեդրոնական դրամատան դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ սահմանելու մասին օրինագիծը հաստատելու, հակառակ իր նախկին վերապահութիւններուն։
– Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը երկրի քրտաբնակ շրջաններուն մէջ Դեկտեմբեր 16ին առնուազն 44 քիւրտ գործիչներ ձերբակալած է: Անոնց մեծ մասը Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ է: Այս տարուան ընթացքին, Թուրքիոյ մէջ 2500է աւելի քիւրտ եւ քրտամէտ գործիչներ ձերբակալուած են, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեանց նեցուկ կանգնելու «յանցանքով»:
– Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը որոշած է կասեցնել երկրի նախագահներուն պատկերով մէկ տոլարնոց մետաղադրամներուն արտադրութիւնը, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ այդ դրամանիշը բաւարար ժողովրդականութիւն չէ կրցած ապահովել, հակառակ կառավարութեան ջանքերուն: Ելեւմուտքի նախարար Թիմըթի Կայթնըրի համաձայն, ներկայիս երկրի Կեդրոնական դրամատան մէջ կը մնան այդ տեսակի 1.4 միլիառ տոլարի մետաղադրամ: Կառավարութիւնը տարեկան առնուազն 50 միլիոն տոլար պիտի խնայէ այս որոշումին շնորհիւ:
– Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը 83 տոկոս աւելի կը ծախսէ պետական այն սպասարկութեանց համար, որոնց իրականացումը կը վստահի ոչ պետական ընկերութեանց: