ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Աստուածաբանական իմաստ չունի այս վերնագիրը: Այսինքն Աստուծոյ նման չարն ալ անպատճառ պատճառ չէ բոլոր պատճառներուն: Ատիկա երկարմատեան վարդապետութիւն պիտի ըլլար՝ չարը բարիին հաւասարազօր ներկայացնող: Աւելի ընկերային կեանքի առնչուած խօսք է այս, որ կը նշանակէ, թէ չարը իր չարիքը գործելուն համար անպայման պատճառ գտնելու պարտաւորութիւնը չունի:
Մարդը ընկերութեան անբաժան մէկ մասնիկը ըլլալով, չի՛ կրնար առանց իր շրջապատին ապրիլ: Այլապէս, անիկա պատիժ պիտի սեպուի իրեն համար: Այնպէս ինչպէս արգելափակման մէջ գտնուող ոճրագործը իբրեւ պատիժ կը կրէ իր առանձնացումը ընկերութեան կեանքէն, նոյնպէս ալ առանց շրջապատի անձը տաժանելի կեանք վարելու կը դատապարտուի, երբ մեկուսացման բերումով կը ստիպուի խզուիլ շրջապատի կեանքէն: Չարի գործունէութեան միայն մէկ երեսը կը ներկայացնէ ասիկա, որովհետեւ անոր հետեւանքները կրնան բազմաթիւ ու բազմատեսակ ըլլալ: Եթէ այդ հետեւանքներուն առաջինը մարդը իր հարազատ միջավայրէն օտարացնելն է, ապա երկրորդը կ՛ըլլայ զայն չարի գործիք դարձնելը, որովհետեւ մարդկային միտքը առհասարակ առանձնութեան մէջ կը սկսի դէպի չարը թեքուիլ: Սուրբերն են միայն, որոնք կը յաջողին իրենց առանձնութեան պահերուն զգետնել չարը, ու անոր բոլոր նենգ խորհուրդները ցրուել, աստուածամերձ իրենց անձին բերումով շահած աստուածատուր կարողութեամբ:
Չարին ու անկէ բխող չարիքին նկատմամբ մարդիկ միշտ զգուշաւոր կեցուածք կ՛որդեգրեն: Սակայն բոլորն ալ կը խոստովանին, որ չեն գիտեր յաճախ, թէ ուրկէ՞ կը հասնի իրենց վրայ այն չարիքը, որուն ակնկալութիւնը բնաւ չունէին: Զուր տեղ չէ, որ աստուածաշնչական կոչումով «Խաւարի իշխան» կոչումը կը տրուի չարին, իսկ Յիսուսի մտածողութեան մէջ, չար գործերու աշխատանքային ժամ իբրեւ կը տրուին գիշերուան՝ այսինքն մութ կամ խաւարի ժամերը (Հմմտ Մտ 13.25): Ուրիշ խօսքով, մութը կամ խաւարը, չարի անձին ու գործին հետ նոյնացող երեւոյթ է, որ նաեւ փոխաբերական կոչումը կրնայ ըլլալ անոր: Դարձեալ, Յիսուս նոյն՝ գիշերուան ժամը կը նշէ իբրեւ խաւարային գործերու աշխատանքային ժամ, իր խօսքը ուղղելով զինք ձերբակալելու եկած ամբոխին. «Ամէն օր ձեզի հետ էի տաճարին մէջ, չձերբակալեցիք զիս, բայց ասիկա ահա ձեր ժամն է, խաւարի իշխանութեան ժամը» (Ղկ 22.53):
Ոմանք այն տպաւորութիւնը ունին, թէ չարը իր աշխատանքին լծուելու համար, անպայման խառնուածքով պէտք է չար մէկը ըլլայ: Ասիկա ընդհանրապէս կ՛արտայայտուի «բնաւորութիւն» բառով, որ անձին կազմաւորման հետ աճ արձանագրող երեւոյթ իբրեւ կ՛իմացուի: Ասկէ կը տարբերին անշուշտ արեան ճամբով փոխանցուող որոշ նկարագրային յատկանիշներ, թէեւ յաճախ կը շփոթուին այս երկուքը իրարու հետ: Այս է որ կը կոչուի ժառանգաբար ստացուած յատկութիւն, որ երբեմն մինչեւ մի քանի սերունդ կը փոխանցուի: Պատահած է նաեւ, որ որոշ ժամանակ «դադար առնել»է վերջ, դարձեալ շարունակուած ըլլայ արեան ճամբով փոխանցուող նկարագրային այս կամ այն գիծը: Նոյնը չէ՞ ֆիզիքական ժառանգականութեան պարագային: Յանկարծ խաժակ մանուկ երբ ծնի ամբողջութեամբ սեւաչեայ ծնողներէ, հարազատներ ու ընտանեկան բարեկամներ կը փորձեն իրենց յիշողութիւնը պեղել, գտնելու համար թէ մի քանի սերունդ առաջ եղա՞ծ էր կապտաչու անձ իրենց գերդաստանին մէջ: Նոյն հետաքրքիր մօտեցումով բժիշկներ կը հարցաքննեն հիւանդութեամբ տառապող անձը, գտնելու համար թէ տուեալ հիւանդութիւնը ժառանգակա՞ն հանգամանք ունի այդ գերդաստանին մէջ, թէ առաջին անգամ ըլլալով կը յայտնուի:
Չարը ինքզինք իրագործելու համար վերոյիշեալ պատճառներուն պէտք չունի: Անիկա միայն կրնայ դրդուիլ նախանձէն, սակայն այդ ալ հիմնական պատճառը չի՛ հանդիսանար իր շարժումին: Նախանձը պարզապէս ուրիշին ունեցած շարժումին կամ յառաջդիմութեան հակազդեցութիւն իբրեւ կու տայ չարը, որուն համար ամէն միջոցի կը դիմէ, արգիլելու անոր կողմէ կատարուելիք ամէն յառաջխաղացք: Սա չի՛ նշանակեր անշուշտ, որ ուրիշին շարժումը ի՛նք պիտի շարունակէ: Ո՛չ: Պէտք չէ՛ մոռնալ, որ չարը ո՛չ միայն ծոյլ կ՛ըլլայ, այլ նաեւ աշխատելու անատակ: Անոր միակ «աշխատանք»ը՝ չարագործութեամբ անդամալուծութիւն յառաջացնելն է մարդկութեան կեանքին մէջ: Այլ խօսքով դրական շարժում կարելի չէ՛ կոչել չարին կողմէ առնուող որեւէ քայլ:
Ծուլութեան մէկ ուրիշ անուն իբրեւ կարելի է տալ «չարութիւն»ը:
Հակառակ վերոյիշեալ ամէն հաստատումներուն, դարձեալ, չարին գործունէութեան պատճառները թուած չենք ըլլար: Ասոնք պարզապէս տրամաբանութեան վրայ հիմնուած, ու փորձառաբար նկատուած որոշ երեւոյթներու վրայ հիմնուած վարկածներ են: Սակայն կա՛յ անշուշտ պատճառը չարին չար ըլլալուն, ու իր չար գործունէութեամբ շրջապատին կեանքը թունաւորելուն.
-Պատճառ չունենալը:
Չարը պատճառ չունենար, տղա՛ս:
Այսպէս ըսաւ կեանքի փորձառութեամբ ծանրաբեռն միտքը, իր զաւակը դաստիարակած միջոցին, երբ անիկա տանջահար կը փնտռէր իր կեանքին մէջ պատահող չարիքներուն պատճառը, կասկածները տարածելով մինչեւ իսկ իրեն շատ հարազատ թուացող անձերու վրայ, անոնց վերաբերումէն դատելով:
Չարը պատճառ չունենար: Այո՛, ճի՛շդ էր ան: Այսինքն չարիք գործելու համար անպայման պատճառ չի՛ փնտռեր չարը: Կը բաւէ որ առիթը ներկայանայ, անիկա իր ինքնութիւնը կը գործադրէ պարզապէս: Չար անձին հոգիէն, սիրտէն, միտքէն ուրիշ բան չի՛ կրնար բխիլ: Յիսուսի մտածողութեան մէջ լաւապէս բանաձեւուած է այս գաղափարը, սիրտը ներկայացուելով իբրեւ մարդուն գանձատունը. «Չար մարդը իր սիրտի չար գանձէն՝ չարիք կը բխեցնէ» (Հմմտ Մտ 12.35):
Նոր Կտակարանը, քրիստոնէական մեր կեանքին ուղեգիծ ճշդելով, յստակ խրատական կու տայ. «Բնաւ մասնակից մի՛ ըլլաք խաւարին գործերուն, որոնք Աստուծոյ կամեցած պտուղները չեն տար: Ընդհակառակը ձաղկեցէ՛ք զանոնք, որովհետեւ մութին մէջ կը գործուին անոնց արարքները, որոնց մասին խօսիլն իսկ ամօթ է» (Եփս 5.11):
Ուրեմն զուր տեղ մի՛ մտատանջուիր, մի՛ յոգնիր, մի՛ նեղանար, մի՛ բողոքեր, ո՛չ ալ առիթներուն ու պատահականութեանց վրայ բեռցուր յանցանքը, երբ չարիք հասցնեն քեզի մարդիկ: Պարզապէս յիշէ՛, որ անոնց ամօթալի գործերուն մասնակից դառնալդ պիտի խաթարէ քրիստոնեայի նկարագիրդ, ու եղծանէ աստուածային պատկերը հոգւոյդ խորքը:
Չարի պատկերը ամբողջովին հագած մարդոց, ու խաւար աշխարհի տիրակալներուն ազդեցութիւնը կրողներուն դէմ պատերազմ հռչակել կը թելադրէ առաքեալը (Հմմտ Եփս 6.12): Ահա տեսա՞ր որ չարը պատճառ չունենար: Անիկա միայն իր չար նկարագիրը պիտի իրագործէ, ու իր չար ծրագիրներուն գործադրութեան պիտի ձգտի օրն ի բուն, իր միակ գործը դարձնելով ուրիշներուն բարի ծրագիրներու գործադրութեան արգելք հանդիսանալը, եւ համատարած ամլութեամբ աշխարհը կազմալուծելը: