ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Շուշիի յատուկ գումարտակի մարտիկներ Վարդան Բախշեան, Գագիկ Գրիգորեան եւ Վաչէ Ռոստոմեան, 20 տարի առաջ (1991) Դեկտեմբեր 16ին, ինկան շրջափակման մէջ եւ զոհուեցան: 1992ին զոհուեցաւ նաեւ անոնց մարտական ընկերը՝ Արթուր Ղարիբեանը:
Դեկտեմբեր 16ին կը լրանայ Արթուրի ծննդեան 45ամեակը: Ձմեռնային այս ցրտաշունչ օրը, իրենց յիշողութիւններով, պատմութիւններով, բանաստեղծութիւններով ու հայրենասիրական երգերով Եռաբլուրի բարձունքը ջերմացուցին նահատակ մարտիկներուն հարազատները, ընկերները, մտերիմները, սկաուտներ ու դպրոցականներ:
Վարդան Բախշեանը ճանչցողները, համալսարանական այդ պատմաբանը, երիտասարդ գիտաշխատողը եւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) հայաստանեան մասնաճիւղի հիմնադիրը կը յիշեն իբրեւ հայրենասէր, որ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է ղարաբաղեան շարժումին եւ ինքնապաշտպանական մարտերու: Թէեւ Վարդանի կեանքը ընդհատուած է ընդամէնը 26 տարեկանին, բայց այսօր կ՛ապրին անոր մասին պատմութիւնները: Անոնք լսելու հնարաւորութիւն ունի նաեւ սկաուտներու նոր սերունդը՝ ՀԱՍԿի գրասենեակի նորաբաց սրահին մէջ, որ կը կրէ Վարդան Բախշեանի անունը:
«Նա շատ քաջ մարտիկ է եղել եւ կեանքը նուիրել է իր երկրին: Ամէն ինչի պատրաստ էր՝ յանուն իր հայրենիքի անկախութեան», կը յայտնէ Արմաւիրի Վ. Բախշեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցի աշակերտ Վահան Գրիգորեանը: