Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Յստակ իրողութիւն է, որ շաբթուան ընթացքին շատ ժամանակ չունինք զբաղելու տան բոլոր մանրամասնութիւններով: Անակնկալ հեռաձայն մը կը ստանաք եւ ձեր ընկերը, որ կը գտնուի քաղաքէն դուրս կը ծրագրէ շաբաթավերջը կամ նոյնիսկ Ս. Ծնունդը ձեր մօտ անցընել: Շատ մի շուարիք եւ տակն ու վրայ մի ըլլաք: Ամէն ինչ կարելի է դասաւորել եւ մանաւանդ յիշեցէք որ հիւրերը, որոնք պիտի այցելեն շատ պարզ բաներով կրնան ուրախանալ եւ գոհունակութեամբ անցընել իրենց արձակուրդը կամ տօնական գեղեցիկ օրերը: Միայն քանի մը իւրայատուկ աշխատանքներ կատարեցէք եւ ամէն ինչ շատ սիրուն կ՛ըլլայ: Հիւրերու սենեակն ու բաղնիքը մաքրեցէք, դասաւորեցէք եւ կոկեցէք: Կարգ մը կենցաղավարութեան մասնագէտներ կ՛առաջարկեն քանի մը մանրամասնութիւններ, որոնք կը կատարելագործեն ձեր հիւրասիրութիւնը եւ ձեր հիւրերը այնքան գոհ կը մնան, որ դժուարութեամբ կը բաժնուին ձեր տունէն:
Ննջասենեակ
1. Նախքան հիւրերուն ժամանումը սենեակին ջերմութիւնը ստուգեցէք: Ձմրան ուշադրութիւն ըրէք, թէ ջերուցման սարքերը կը բանին: Առաւել տաքուկ ծածկոցներ դրէք մահճակալներուն վրայ: Իսկ ամրան եղանակին վստահ եղէք որ պատուհանները կը բացուին, որպէսզի կարենան սենեակին օդը փոխել ի հարկին: Նաեւ ստուգեցէք վարագոյրներու աշխատանքը: Առաւօտեան լոյսը հաւանաբար հիւրերը խանգարէ եթէ վարագոյրները իրենց պարտականութիւնը չեն կատարեր:
2. Անկողինին կողքին գտնուած սեղանիկին վրայ զարթնեցուցիչ մը զետեղեցէք ու կարդալու լուսամփոփ մը: Իսկ պահարանները չմոռնաք պարպելու եւ ազատ կախիչներ զետեղելու:
3. Վստահ որ երբեմն տեղ մը գացած էք ու փափաքած էք, որ կարդալու գիրք մը ունեցած ըլլայիք ձեր հետ: Ուրեմն ձեր հիւրերուն համար կրնաք պատրաստել կարդալու պարբերականներ, թերթեր, պայմանաւ որ անոնք նոր ըլլան: Հին լուրեր մի տրամադրէք ձեր հիւրերուն: Նաեւ գեղեցիկ վէպ մը ալ հոն դնելը լաւ միտք է: Անոր մէջ կրնաք նօթ մըն ալ դնել որ կÿըսէ. «Մի՛ մտահոգուիր եթէ զիս չկրցար ամբողջացնել. կրնաս զիս հետդ առնել երբ վերադառնաս»: Այսպէս ձեր հիւրը բաւականին շոյուած պիտի զգայ:
4. Ամանով կրկնեփուկ (cookie) դրէք սեղանին վրայ: Շիշերով ջուր, հիւթ եւ նաեւ թաշկինակ ու կողովով մը թարմ պտուղներ: Այնպէս մը պատրաստեցէք, որ հիւրը զգայ թէ հոգատարութեամբ կը վերաբերիք իրեն հետ:
Բաղնիք
5. Բաղնիքը թող ըլլայ շատ մաքուր եւ կոկիկ: Յատկապէս լոգանքի բաժինը ու անոր վարագոյրը: Շատ չօգտագործուող բաղնիքներու մէջ երբեմն կ՛անտեսուին այս մասերը: Անուշաբոյր մոմ եւ ցրուիչներ (spray) զետեղեցէք ու յաւելեալ բաղնիքի թաշկինակներ դրէք մատչելի ու տեսանելի տեղ մը:
6. Պատկերացուցէ՛ք պանդոկներու բաղնիքները եւ յիշեցէք թէ ինչքա՜ն անուշաբոյր օճառներ կ՛ըլլան հոն, որոնք նաեւ կ՛ըլլան շատ սիրուն ձեւերով: Այդպէս զարդարեցէք ձեր բաղնիքը իսկ անձեռոցներն ալ չմոռնաք:
Ճաշատեսակներ եւ ծրագիրներ
7. Նախապէս յայտնեցէք ձեր ծրագիրը ձեր հիւրերուն, նոյնիսկ անոնց հասնելէն առաջ բոլոր կարգադրութիւնները ըրէք եւ իմացուցէք իրենց, որպէսզի ըստ այնմ ճամբայ ելլեն: Անոնք երբ հասնին՝ իրենց համար պատրաստեցէք սիրուն նօթ մը, ուր բարի գալուստ կը մաղթէք իրենց: Նաեւ իրենց կարեւոր հեռաձայններու թիւեր կրնաք դնել սենեակին սեղանին վրայ ու մանաւանդ տեսարժան վայրերու ծանուցուցմներ ու քաղաքին քարտէսը:
8. Հիւրերուն սննդականոնի նախընտրութիւններն ալ իմացէք նախապէս, որպէսզի պատրաստութիւնը կատարէք անոր համաձայն: Եթէ միս չեն ուտեր իրենց համար յատուկ ճաշատեսակներ պատրաստեցէք:
9. Եթէ չկրցաք օրուան բոլոր ժումերու ուտելիքները պատրաստել, նկատի առէք գոնէ քանի մը անգամ ճաշարան երթալ: Վստահ եղէք, որ անոնք նոր ճաշարաններ պիտի փափաքին տեսնել ու համտեսել նոր ճաշատեսակներ:
10. Ամէն բանի հետ միասին ու ամէնէն առաջ ջերմ ընդունելութիւն, ժպտուն դէմք եւ ուրախ տրամադրութիւն:
———————————————————————————————————————————————————–
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Պրկուք (Broccoli) Եւ Ոլոռն (Pea)
Այս խոհագիրը բաւական ներկայանալի է տօնական օրերու ձեր ճաշատեսակներու կողքին: Նաեւ արագ կը պատրաստուի եւ համեղ է.
4 հոգիի համար.
Բաղադրեալներ
1 1/2 փաունտ պրկուք՝ ցօղունով
1/4 գաւաթ որակաւոր ձիթաիւղ
մեծ գլուխ մը մաքրուած եւ բարակ շերտերու վերածուած սխտոր (շուրջ 1/3 գաւաթ)
1/2 թ. դգալ փոշի կարմիր պղպեղ
10 օզ. սառած ոլոռն
1/2 թ. դգալ աղ
Պատրաստութեան Կերպ
1. Պրկուքի ցօղունները կտրեցէք մօտաւորապէս 4 ինչ եւ կեղուեցէք, որպէսզի կարծր մասը դուրս մնայ պատրաստութենէն:
2. Մաքրուած պրկուքի ցօղունները շերտեցէք եւ կրկին լուացէք ու մէկ կողմ դրէք որպէսզի ցամքի:
3. Ձիթաիւղը տաքցուցէք խոշոր տապակի մը մէջ: Բարձր կրակի վրայ նախ թեթեւ տապկեցէք սխտորը եւ կարմիր պղպեղի փոշին՝ մօտաւորապէս մէկ վայրկեան: Ապա աւելցուցէք պրկուքի շուրջ 3/4ը եւ լաւ մը խառնեցէք մինչեւ որ յատակը գտնուած սխտորի շերտերը վեր բարձրանան փոխանակ այրելու:
4. Աւելցուցէք մնացեալ պրկուքի: Տապակին բերանը լաւ ծածկեցէք ու բարձր կրակի վրայ եփեցէք մօտաւորապէս 5 վայրկեան կամ՝ մինչեւ փափկանալը:
5. Լաւ փափկանալէն ետք աւելցուցէք սառած ոլոռնը ու շարուանկեցէք եփել՝ բերանը բաց վիճակի մէջ:
6. Շարունակեցէք եփել քանի մը վայրկեան կամ մինչեւ խոնաւութեան անհետացումը:
7. Հրամցուցէք տաք վիճակի մէջ՝ ներկայանալի ափսէի մը մէջ, ձեր մսեղէնին կողքին կամ նոյնիսկ՝ առանձին:
————————————————————————————
Գովեստը լաւ մարդը աւելի՛ լաւ կ՛ընէ, իսկ գէշը՝ աւելի գէշ:
Դժբախտութիւնը կ՛ազնուացնէ կամ կը ստորնացնէ հոգին:
Կատարեալ կնոջ մը մէջ պէտք է գտնուի թագուհի մը եւ աղախին մը:
Ո՛վ Աստուած, մի՛ տար այնքան շատ, որ զքեզ ուրանանք, ոչ ալ այնքան քիչ, որ դուռէ դուռ մուրանք:
Երիտասարդութեան գինովութիւնը աւելի վտանգաւոր է, քան գինիի գինովութիւնը: