ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ֆրանսայի խորհրդարանը, նախքան տարեվերջ, Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողները քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու բանաձեւը քուէարկութեան պիտի դնէ, եւ ըստ քաղաքական դիտորդներուն, այդ բանաձեւը յաջողելու մեծ հաւանականութիւն ունի:
Իսրայէլի Քնեսեթը ծրագրած է իր օրակարգին վրայ բերել Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու օրինագիծը: Ասոր յաջողութեան հաւանականութիւնը կախեալ է թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու լարուածութեան աստիճանէն:
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը արդէն իսկ հաստատեց Թուրքիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց հոգեւոր կեդրոնները վերադարձնելու բանաձեւը, ի հեճուկս թուրք-ամերիկեան քաղաքական լաւագոյն յարաբերութիւններուն ու բանաձեւը ձախողեցնելու թուրք-ամերիկացիներու լայնածաւալ արշաւին:
Թրքական արտաքին քաղաքականութիւնը տակնուվրայ ընող այս իրադարձութիւններուն վրայ կու գայ աւելնալու Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին կապակցութեամբ յստակ կարծրացումը, որ բաւական շեշտուած դրսեւորուեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ Մարսէյի մէջ ունեցած ելոյթով:
Չենք ուզեր մեր խանդավառութիւնը չափազանցուած մակարդակի բարձրացնել՝ թողելով այն տպաւորութիւնը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը նոր փուլ մտած է ու մեր թշնամին արդէն իսկ պաշարուած վիճակի մէջ կը զգայ ինքզինք: Այսուհանդերձ, չենք կրնար անտեսել, որ իրապէս այս մարզին մէջ մեր պայքարը կտրած է ահագին ճամբայ եւ մեր կարողականութիւնը օրէ օր կը մեծնայ՝ անհանգստացնելով թրքական քաղաքական վերնախաւը, որուն կարգ մը ներկայացուցիչներ սկսած են ջղագրգռութիւն մատնող արտայայտութիւններ ունենալու:
Յաղթանակները ոգեւորութիւն կը ստեղծեն, կը խանդավառեն ու պայքարը շարունակելու ուժ ու կորով կը ներշնչեն: Ուրեմն, եկէ՛ք այս տօնական օրերուն նաեւ ցնծանք ու նոր յաղթանակներ կերտելու, թշնամին իսկապէ՛ս պաշարման վիճակի մէջ դնելու մեր վճռականութիւնը հզօրացնենք: