
ՊՈԼԻՍ, »Արմէնփրէս«.- Թրքական բանակին մէջ այս տարուան Ապրիլ 24ին սպաննուած պոլսահայ Սեւակ Պալըքճիի ծնողները այն համոզումին հասած են, թէ պարտադիր զինուորական ծառայութիւն կատարող իրենց զաւակը սպաննուած է պարզապէս հայ ըլլալուն համար:
Սեւակին ծնողները՝ Անի եւ Կարապետ, իրենց այս կարծիքը յայտնած են թրքական »Միլլիյէթ« թերթի թղթակիցին: »Նախ հաւատացինք, որ Սեւակը դարձած է պատահական արկածի զոհ, ինչպէս կը պնդէին զայն սպաննած ծառայակիցն ու զօրամասի սպաները: Սակայն, երբ այցելեցինք զօրամաս ու մասնակցեցանք հետաքննութեան ու դատավարութեան առաջին նիստին, հասանք այն համոզումին, որ մեր որդին դարձած է ազգային խտրականութեան զոհ, եւ հասկցանք, թէ թրքական բանակին մէջ ցեղապաշտական յանցագործութիւն տեղի ունեցած է: Թրքական մամուլը սպաննողը ներկայացուցած էր իբրեւ Սեւակին մօտիկ ընկերը, սակայն մենք այդ անունով ընկեր չէինք ճանչնար: Այժմ ան ազատ է: Մենք համոզուած ենք, որ մեր որդին սպաննուած է հայ ըլլալուն համար: Մենք արդարութիւն կը պահանջենք«, ըսած են Սեւակին ծնողները:
SHAME SHAME, WHAT A TRAGIDY…YOU SERVING FOR THE COUNTRY YOU LIVE IN AND BE KILLED BECAUSE YOU ARE ARMENIAN…
NOTHING BEEN CHANGED SINCE 1915 …
AND TURKEY IS TRYING TO BE CIVILIZED!!!!!!!