
ԵՐԵՒԱՆ.- Ամփոփելով 2011 տարին՝ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Թօփչեան նշեց, թէ այս տարի բաւական յաջող եղած է ստեղծագործական գործունէութեան առումով, բայց «10 երաժիշտ մենք կարող ենք կորցնել շատ շուտով. նրանց դրսից առաջարկել են աւելի լաւ պայմաններով աշխատել», աւելցուց Թօփչեան:
Անդրադառնալով յառաջիկայ համերգներուն՝ խմբավարը տեղեկացուց, որ մինչեւ տարեվերջ, նուագախումբը տակաւին քանի մը համերգ պիտի տայ: Թօփչեան նշեց նաեւ, որ Դեկտեմբեր 24ին տեղի պիտի ունենայ նուագախումբին բացառիկ համերգը՝ նուիրուած նուագախումբի 85ամեակին. այդ համերգին հանդէս պիտի գայ աշխարհահռչակ ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեան:
Նշենք, որ 16 Յունուար 2012ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավարի եւ գլխաւոր խմբավարի առաջին համերգը՝ իբրեւ Սպանիոյ յայտնի նուագախումբերէն մէկուն հրաւիրեալ խմբավարը: Թօփչեան պիտի չլքէ Հայաստանի ֆիլհարմոնիքը, սակայն աւելի քիչ ժամանակով պիտի գտնուի Հայաստան. ան տարուան ընթացքին 2.5 ամիսով պէտք է ղեկավարէ սպանական նշեալ նուագախումբը: