
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր».- Լեռնային Ղարաբաղը կողմնակից է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման՝ անմիջական երկխօսութեան միջոցով, բանակցութիւններու սեղանի շուրջ միայն։ Այս մասին Դեկտեմբեր 14ին յայտարարեց Ստեփանակերտի մէջ «Արցախի ազատամարտիկների միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան 5րդ համաժողովին ներկայ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան:
ԼՂՀ նախագահը միեւնոյն ժամանակ շեշտեց, թէ ատիկա երբեք չի նշանակեր, որ Արցախի մէջ պատրաստ չեն հարկ եղած պարագային արժանի հակահարուածը տալու հակառակորդի ոտնձգութիւններուն:
«Մեր ազատութեանն ու անկախութեանը սպառնացող ցանկացած քայլ կը ստանայ համարժէք պատասխան, եւ մի բան էլ աւելին», շեշտեց նախագահ Սահակեան: