
ՀՌՈՄ, «Մեդիամաքս».- Իտալացի գործարարներու հետ աշխատանքային ընթրիքի ընթացքին, Դեկտեմբեր 14ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, որ հայ-իտալական տնտեսական յարաբերութիւնները չեն արտացոլեր երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական յարաբերութիւններուն մակարդակը։
«Մենք պէտք է ջանքեր գործադրենք մեր տնտեսական յարաբերութիւնները մեր այսօրուան քաղաքական յարաբերութիւնների մակարդակին հասցնելու համար», ըսած է նախագահը, որուն խօսքով, Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ առեւտուրի ընդհանուր ծաւալը այս տարի 50 տոկոսով աճած է անցեալ տարուան համեմատ՝ կազմելով 130 միլիոն: Սերժ Սարգսեան նշած է, որ այս թիւը չափազանց փոքր է, եւ չի գոհացներ Հայաստանը:
Սերժ Սարգսեան իտալացի գործարարներուն ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ իրականացուող ենթակառուցուածքային եւ ուժանիւթի ծրագիրները՝ անոնց կոչ ուղղելով աշխոյժ կերպով համագործակցելու Հայաստանին, նոր կառուցուող հիւլէակայանին հարցով:
Հայաստանի նախագահը յատկապէս ընդգծած է Իտալիոյ հետ փոքր եւ միջին գործարարութեանց ասպարէզին մէջ համագործակցութեան եւ իտալական փորձի ուսումնասիրման կարեւորութիւնը:
Նախագահին խօսքով, Եւրոմիութեան «Արեւելեան գործընկերութեան» մեկնարկը նոր հնարաւորութիւններ պիտի բանայ նաեւ հայ-իտալական գործարար շրջանակին դիմաց: