
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 12ին, Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի հետ հանդպում մը ունեցաւ, ապա անոնք ծաղկեպսակներ զետեղեցին Իրաքի մէջ զոհուած ամերիկացի զինուորներու շիրիմներուն։
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին Օպամա եւ Մելիքի քննած են երկկողմանի յարաբերութիւններն ու երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները։ Օպամա նշեց, որ ամերիկեան ուժերը Իրաքը կը լքեն արժանապատուութեամբ, եւ վստահեցուց, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ Իրաքի գործընկերը մնալ:
Մալիքի իր կարգին յայտարարեց, որ Իրաք այժմ կրնայ իր ապահովական ուժերուն վստահիլ, սակայն աւելցուց, թէ իրաքցի զինուորներու մարզումին եւ սպառազինման հարցին մէջ տակաւին Միացեալ Նահանգներու օգնութեան կարիքը ունի։
Նշենք, որ տարեվերջին ամերիկեան զօրքերը Իրաքէն պիտի հեռանան: