ՄԱԿ, ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13ին յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ գործող «զինեալ ծայրայեղական խմբակներուն նպատակը երկրին ներքին հարցերուն միջամտութեան իրենց պահանջը արդարացնելու համար՝ մարդկային աղէտ ստեղծելն է»։ Ան ըսաւ, որ Մոսկուա սուրիական ղեկավարութեան կոչ կ՛ընէ ստորագրելու Սուրիա դէտեր ուղարկելու մասին Արաբական լիկային արձանագրութիւնը: Լաւրով մերժեց այն քննադատութիւնները, թէ Ռուսիա ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ վերաբերեալ որոշում մը կ՛արգելակէ՝ նշելով, որ այդ քննադատութիւնները կատարող երկիրները կ՛օժանդակեն Սուրիոյ մէջ բռնարարքներ գործող զինեալ խմբակներուն։
Նոյն օրը, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը դռնփակ նիստի մը ընթացքին քննեց ՄԱԿի մարդկային իրաւանց յանձնախումբի յանձնակատարին կողմէ պատրաստուած զեկուցումը՝ Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւանց կացութեան վերաբերեալ, ըստ որուն, սուրիական իշխանութիւններուն շղթայազերծած ապահովական արշաւին պատճառով, շուրջ հինգ հազար զոհ արձանագրուած է, եւ գոյութիւն ունին փաստեր, թէ սուրիական վարչակազմը մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործած է։
ՄԱԿի մօտ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ճաաֆարի բուռն կերպով քննադատեց զեկուցումին մէջ տեղ գտած եւ կարգ մը պետութեանց արտայայտած այն գաղափարը, թէ Սուրիա քաղաքացիական պատերազմի եզրին կը կանգնի։ Սուրիոյ դեսպանը նշեց, որ Արաբական լիկայի եւ միջազգային ընտանիքի առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ ծայրայեղական ընդդիմութիւնը մղել դէպի համապարփակ ազգային երկխօսութիւն:
ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին տեղակալը իր կարգին նշեց, որ Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւանց կացութիւնը միջազգային խաղաղութեան եւ ապահովութեան վտանգ մը կը նկատէ։
Մինչ այդ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նապիլ Արապի յայտնեց, որ սուրիական թղթածրարը միջազգայնացնելու հարցը, արաբ արտաքին գործոց նախարարները պիտի քննեն սուրիական վարչակազմի արարքներուն լոյսին տակ։
Արաբ պաշտօնատար մը «Շարք Աուսա»չ թերթին փոխանցեց, որ որոշուած է Շաբաթ օր Սուրիոյ հարցով արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովներ գումարել, եւ յոյս յայտնեց, որ սուրիական տագնապը արաբական լուծում մը կը գտնէ, առանց միջազգային միջամտութեան։
Երեքշաբթի օր նաեւ հաղորդուեցաւ, թէ Թուրքիոյ հետ սահմանին մօտիկ շրջաններու մէջ տեղի ունեցած զինեալ բախումներու ընթացքին սպաննուած են 7 զինուորներ եւ 11 քաղաքայիններ, իսկ սահմանապահ ուժերը կասեցուցած են Թուրքիայէն Սուրիա մուտք գործել փորձող 15 զինեալներու յառաջխաղացքը: