ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի (ԱՄՀ) գործադիր խորհուրդը Դեկտեմբեր 12ին որոշած է Հայաստանին՝ մանաւանդ ՀՀ կառավարութեան ու Կեդրոնական դրամատան տրամադրել 56.1 միլիոն տոլարի վարկ:
Խորհուրդի գործադիր տնօրէնի տեղակալ Նեմաթ Շաֆիք իր գոհունակութիւնը յայտնած է ՀՀ իշխանութիւններուն՝ հիմնադրամի ծրագիրներու ծիրէն ներս կայուն քաղաքականութեան ապահովման ուղղուած ջանքերուն համար, որոնք նպաստած են գնաճի քայլերու դանդաղեցման եւ յետճգնաժամային շրջանի վերականգնման:
Ըստ ԱՄՀի, կառուցուածքային բարեփոխումները պիտի նպաստեն Հայաստանի տնտեսական աճին, իսկ իրականացուող բարեփոխումները պէտք է նպատակաուղղուած ըլլան գործարար միջավայրի ու մրցունակութեան բարելաւման, ինչպէս նաեւ արտադրութեան ու արտահանման ծաւալներու աճին: