
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր նախագահ Նարեկ Յարութիւնեանի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած կալանքը վերացուած է: Ազատ արձակուած են նաեւ «Ճի.Էյչ. Ստորէյճ Ինթըրփրայզ» ընկերութեան կազմակերպչական գծով փոխտնօրէն Անի Մնացականեանն ու գլխաւոր հաշուապահ Արթուր Գալստեանը:
Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբեր 9ին, Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) երկու աշխատակից ոստիկանատուն տարած էին «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր նախագահ Նարեկ Յարութիւնեանը։ «Ներկայ պահուն կը գտնուիմ ՊԵԿի քննչական բաժանմունքին մէջ: Բայց ինծի բերած են կեղծ ցուցմունքներու հիման վրայ, որպէսզի ճնշեն», հեռախօսով փոխանցած էր Նարեկ Յարութիւնեան: Այնուհետեւ Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը, Դեկտեմբեր 9ին երկամսեայ բանտարկութեան որոշում կայացուցած էր «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր նախագահ Նարեկ Յարութիւնեանի նկատմամբ: