ՇԻՐԱԿ, «Մեդիամաքս».- Դեկտեմբեր 14էն 16, Գիւմրիի զարգացման հիմնադրամը պիտի իրականացնէ երկրորդ՝ Գիւմրի-Կարս տնտեսական համաժողովը, որուն պիտի մասնակցին շուրջ 30 հայկական եւ թրքական ընկերութիւններ, ինչպէս՝ մեղուապահներ, գինեգործներ, պանիրի, միսի եւ կաթի արտադրութեան ոլորտի, զբօսաշրջութեան եւ ճաշարանային գործի, ինչպէս նաեւ քարի մշակման մասնագէտներ՝ Գիւմրիէն, Վանաձորէն եւ Կարսէն:
Գիւմրի-Կարս տնտեսական համաժողովը կը կազմակերպուի ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան աջակցութեամբ իրականացուող «Աջակցութիւն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւման» ծրագիրի նիւթական օժանդակութեամբ: