ԿՈՏԱՅՔ, «Արմէնփրէս».- Կոտայքի մարզպետարանին նախաձեռնութեամբ, Հրազդանի թիւ 12 դպրոցին մէջ Դեկտեմբեր 9ին կազմակերպուած է հանդիսաւոր ձեռնարկ մը, որուն ծիրէն ներս, «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամի հոգաբարձուներու նախագահ Լեւոն Սարգսեանի կողմէ, մարզի հանրակրթական 19 դպրոցներու տրամադրուած են «բնագիտութիւն», «քիմիագիտութիւն» եւ «կենսագիտութիւն» առարկաներու համար նախատեսուած տարրալուծարանային պարագաներ, ինչպէս նաեւ դպրոցներու մէջ գործող փողային նուագախումբերու համար անհրաժեշտ երաժշտական գործիքներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.