Տ.Յ.Տ.

Հովանաւորութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հովիւներուն, հոգաբարձութեան եւ Ս. Գրոց սերտողութեան խմբակներուն, Գոհաբանութեան օրուան սիրոյ ճաշը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Նոյեմբեր 20ին, յաւարտ Ս. պատարագի, Ս. Խաչ տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ։
Այս խմբակները եկած էին թեմիս հինգ շրջաններէն՝ Ս. Սարգիս, Ս. Աստուածածին, Ս. Նահատակաց, Քառասնից Մանկանց եղեցիներու շրջաններէն, եւ հիւրընկալ տաճարէն։
Մայր տաճարիս հոգեւոր հովիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիւանեանի սեղաններու օրհնութենէն ետք, Գրիգոր Մըսրլեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն։ Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Խաչ տաճարի պատուարժան հոգաբարձութեան՝ այս գեղեցիկ առիթը ստեղծելուն համար, եւ անդրադարձաւ Գոհաբանութեան օրուան խորհուրդին, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով՝ ըսելով. «Ամենակալին գոհութիւն յայտնելու զգացումը ոչ միայն պէտք է արտայայտենք տօնական օրերուն, այլ ան պէտք է դառնայ մեր առօրեային մէկ մասը, որովհետիւ մենք ամէն օր կը վայելենք Աստուծոյ շնորհած բարիքները»։
Ապա ան խօսեցաւ Ս. Գրոց սերտողութեան կարեւորութեան մասին, որ իրականութեան մէջ Աստուծոյ պատգամը տարածելու կողքին՝ երախտագիտութիւն յայտնել է Արարիչին՝ մեզի պարգեւած բոլոր օրհնութիւններուն համար, զորս կը վայելենք առանց զգալու։ Ան խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, իրենց անվերապահ աջակցութեան եւ քաջալերանքին համար, ապա հրաւիրեց Յակոբ Տիգրանեանը, վարելու համար օրուան յայտագիրը։
Տոքթ. Տիգրանեան հայերէնով եւ անգլերէնով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն՝ փառք տալով Աստուծոյ Գոհաբանութեան այս գեղեցիկ տօնին առթիւ, քաջալերեց հաւատացեաներու ներկայ խումբը, որոնք շաբաթական դրութեամբ ոչ միայն կը լիցքաւորուին Ս. Գրոց սերտողութեամբ, այլ օրինակ կը հանդիսանան իրենց շրջապատին:
Տոքթ. Տիգրանեան առաջին հերթին հրաւիրեց Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիւանեանը, որ իր գեղեցիկ ձայնով երգեց երկու շարականներ՝ «Լցաք ի բարութեանց քոց Տէր» եւ «Օրհնեա՛ զժառանգութիւն քո Տէր», իմաստաւորելով օրուան խորհուրդը։
Զուարթ Մերմերեան գեղեցիկ առոգանութեամբ ընթերցեց Համաստեղի «Աղօթարան»էն հատուածներ՝ շեշտելով մեր երախտագիտութիւնը Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի։
Սագօ Կենճոյեան եւ Հրաչ Եսայեան իրենց նուագարաններով երգեցին գեղեցիկ հոգեւոր երգեր՝ յատուկ փայլք տալով հաւաքոյթին։
Աստուածաշունչի ընթերցումները կատարեցին Վիքի Թըրնըր (հայերէն) եւ Ցոլակ Չիլինկիրեան (անգլերէն)։
Նայիրի Գոճապապեան իր հայերէն պատգամին մէջ յիշեց Ամերիկայի նորահաս գաղթականներու առաջին Գոհաբանութեան օրը, երբ անոնք Աստուծմէ ստացած իրենց պարգեւները բաժնեցին բնիկներու հետ՝ փառք տալով Աստուծոյ։ Նոյնպէս, աւելի ուշ, նախագահ Էպրեհեմ Լինքըն պաշտօնապէս արձակուրդի օր նշանակեց Նոյեմբեր ամսուան վերջին Հինգշաբթին, որպէս Գոհաբանութեան օր, որ ամէն տարի բոլորս կը տօնենք միասնաբար։
Յաջորդ Աւետարանական ընթերցումները կատարեցին Սօսի Աւագեան եւ Ցոլակ Չիլինկիրեան՝ կարդալով Պօղոս առաքեալի փիլիպպեցիներու ուղղուած նամակին այն բաժինը, ուր առաքեալը կը խրատէ միշտ ուրախ ըլլալ Տիրոջմով եւ չմտահոգուիլ որեւէ բանի համար։
Հին Կտակարանի Բ. Օրինաց գիրքին 28րդ գլխուն առաջին 12 համարները կը յայտնեն, թէ Աստուած կը բացատրէ Իր օրհնութիւնները, Իր օրէնքները գործադրող հաւատացեալներուն։ Այս համարները հայերէնով կարդացին Շաքէ Սեդրակեան եւ Յակոբ Տէրտէրեան, իսկ անգլերէնով՝ Անահիտ Ներսէսեան եւ Արաքսի Էքսիկեան։
Ապա Սարգիս Տէրվիշեան գեղեցկօրէն արտասանեց բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի «Սերմնացանը» բանաստեղծութիւնը, ուր բանաստեղծը կը նկարագրէ հայ հողագործին սերմ ցանելու աշխատանքը՝ զայն նմանցնելով Յիսուսի փրկութեան լուրը տարածելու աշխատանքին։
Յայտագիրի աւարտին, Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիւանեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց եւ «Պահպանի»չով ու «Կիլիկիա» երգով փակեց այս հոգեպարար հաւաքոյթը։
Վարձքը կատար յայտագիրի մասնակցողներուն։ Սոյն հաւաքները կը զօրացնեն մեր հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ եւ մեր նուիրումը Հայց. առաքելական Ս. եկեղեցւոյ։
Հանդէսի աւարտին եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, որոնց գումարը յատկացուեցաւ Ս. Խաչ տաճարի պայծառացման։
Ս. Գրոց սերտողութեան յաջորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Յունուար 8ին, կ.ե. ժամը 2ին, Սրբոց Նահատակաց Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ «Տիգրանեան» սրահին մէջ, Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ։