
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Յունուար 12ին, երեկոյեան ժամը 7ին, հեղինակ Էլմա Յովհաննէսեան հանրութեան պիտի ներկայացնէ իր յուշագրական նոր հատորը՝ «One Life, Three Cultures: An Iranian Armenian Odyssey» (Մէկ կեանք, երեք մշակոյթներ՝ պարսկահայ ոդիսական մը), Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ (222 East Harvard Street, Glendale, CA 91205):
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Կլենտէյլի հանրային գրադարանին կողմէ եւ կը վայելէ «Գրադարանի բարեկամներ»ուն աջակցութիւնը:
Էլմա Յովհաննէսեան ծնած է Թեհրան, Պարսկաստան, եւ անգլերէն գրականութեան մէջ մասնագիտացած է Թեհրանի համալսարանին մէջ, իսկ գրելու դասընթացքներու հետեւած է Լոնտոնի եւ Լոս Անճելըսի մէջ: Ան աշխատակցած է Իրանի, Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսնող զանազան անգլիագիր թերթերու, եւ հեղինակն է «Under the Blue Dome» պատմական վէպին, որուն պատմութիւնը տեղի կ՛ունենայ Իրանի մէջ: Ան ներկայիս Լոս Անճելըս հաստատուած է:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Էլիզապէթ Գրիգորեանի՝ Egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէով կամ (818) 548-3288 թիւով: