ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Զաման».- Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը դժգոհութիւն յայտնեց Ֆրանսայի խորհրդարանի Իրաւական հարցերով յանձնաժողովին կողմէ Դեկտեմբեր 7ին վաւերացուած այն բանաձեւին գծով, որ պատիժ կը սահմանէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն դէմ:
Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ ազդարարուած է, թէ անսրբագրելի կացութիւն մը կրնայ ստեղծուիլ, եթէ Ֆրանսայի խորհրդարանը վաւերացնէ այդ բանաձեւը։ Նախարարութիւնը դիտել տուած է, որ Թուրքիա Ֆրանսայէն կ՛ակնկալէ «շինիչ քայլեր», որոնք պիտի նպաստեն Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ առկայ անհամաձայնութիւններու լուծման։
Եթէ բանաձեւը ի զօրու դառնայ, ապա անոնք, որոնք Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւնները ուրանան, պիտի դատապարտուին մէկ տարի բանտարկութեան ու 45 հազար եուրօ տուգանքի: Ֆրանսա 2001ի Յունուարին ճանչցած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
Միւս կողմէ, թրքական լրատու աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի կողմնակից է, որ վաւերացուի Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը յանցագործութիւն նկատող օրինագիծը։ Կ՛ըսուի, թէ փակ դռներու ետին Սարքոզի այն կարծիքը յայտնած է, թէ օրինագիծը կրնայ վաւերացուիլ։ Ան անցեալին ընդդիմացած էր նման բանաձեւի մը վաւերացման՝ Ծերակոյտին կողմէ, հակառակ այն իրողութեան, որ կարելի եղած էր անոր վաւերացումը ապահովել խորհրդարանին մէջ: Աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ Ֆրանսայի նախագահը այս անգամ պիտի չհակառակի։
Լրատու աղբիւրներ կը յիշեցնեն, թէ Սարքոզի այս խնդիրին մասին իր կարծիքը փոխեց Երեւան այցելութեան օրերուն, երբ Երեւանէն Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ըրաւ Թուրքիոյ՝ արժանանալով վարչապետ Էրտողանի քննադատութեանց:
Սարքոզի յառաջիկայ տարի Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեանց թեկնածու է եւ թրքական քաղաքական շրջանակներ կը պնդեն, թէ ան այս քայլով կը փորձէ հայերուն քուէն «որսալ»։ Նախագահութեան այլ թեկնածու մը՝ ընկերվարական Ֆրանսուա Հոլանտ, խոստացած է օրինագիծը վաւերացնել, եթէ նախագահ ընտրուի։
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, օրինագիծը Ֆրանսայի խորհրդարանին մօտ քուէարկութեան պիտի դրուի Դեկտեմբեր 19ին։