
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7ի երեկոյեան տեղի ունեցած երդման արարողութենէն ետք, տոքթ. Մարինա Խուբեսերեան պաշտօնապէս դարձաւ Հարաւային Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ: Ինը թեկնածուներ մասնակցած էին ընտրութեանց՝ լեցնելու համար թափուր մնացող երեք աթոռները: Խուբեսերեան ապահոված էր ամենամեծ թիւով քուէները:
Խուբեսերեան կը յուսայ 15 տարիներու բժշկական իր ասպարէզէն ապահոված փորձառութիւնը ի սպաս դնել՝ քաղաքին հարցերը լուծելու աշխատանքին՝ ախտաճանաչումներէ ետք հարկաւոր միջամտութիւնները կատարելով: Ան նաեւ կը հանդիսանայ վերջին 9 տարիներու ընթացքին Հարաւային Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի առաջին կին անդամը:
Հայաստան ծնած եւ 10 տարեկանին Միացեալ Նահանգներ գաղթած Խուբեսերեան, իր երկրորդական ուսումը ստացած է «Ալէքս Փիլիպոս» վարժարանէն, իսկ բժշկական վկայականը՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) բժշկական բաժանմունքէն:
(Քաղուած Քէյ Մուրատեանի թղթակցութենէն)