ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ նախկին նախարար Լէյլա Սօլհ Համատէի, Չորեքշաբթի, 7 Դեկտեմբերի երեկոյեան բացումը կատարուեցաւ արուեստագէտ Ժանսեմի գործերու ցուցահանդէսին՝ Պէյրութի ծովահայեաց «Փլաթինիում Թաուըր» կեդրոնին մէջ:
ՀԲԸՄի «Անդրանիկ» մշակութային միութեան կազմակերպած սոյն ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, պետական ու ազգային անձնաւորութիւններ եւ արուեստասէրներու հոծ բազմութիւն մը:
Ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին ցուցադրուած գործերուն մէջ տիրական էր կնոջ կերպարը՝ իր հեզ ու դառն գոյներով, իր տեսակին մէջ առաջինն է Պէյրութի մէջ եւ կը տեւէ մինչեւ տարեվերջ:
Բուն անունով Յովհաննէս Սեմերճեան, Ժան Ժանսեմ ծնած է 1920ին, Փոքր Ասիոյ Սուսուրլուք շրջանը: Թրքական ջարդերուն եւ հալածանքներուն պատճառով փոքր տարիքէն ծնողքին հետ կը հարկադրուի անցնիլ Յունաստան, ապա Փարիզ, ուր կը կազմաւորուի անոր արուեստագէտի խառնուածքը:
Այս առիթով, «Ազդակ»ի հետ մտերմիկ զրոյցի մը ընթացքին անոր զաւակը՝ Ժանին Սեմերճեան ըսած է. «Հօրս գործերը կը ցոլացնեն կեանքի դառն ու դիւթիչ կողմերը՝ կնոջ կերպարին ընդմէջէն»:
Խորապէս ազդուած ըլլալով իր մօրմէն՝ արուեստագէտ Ժանսեմ իր գործերուն ընդմէջէն կը ցոլացնէ իգական կերպարը՝ իր ամէնէն դիւթիչ, առինքնող ու բնատուր գոյներով: «Շատ բնական է, որ կնոջ ներկայութիւնը տիրական ըլլայ, քանի կինն է կեանքի հոլովոյթին առանցքային տարրը», յայտնած է Ժանին Սեմերճեան՝ մէջբերելով ցուցահանդէսին ներկայ հայուհիի մը խօսքերը, ուր ան կ՛ըսէր. «Երանի՜ հայրդ հոս՝ մեզի հետ ըլլար, ու ողջագուրէի զինք, քանի որ ան իր գործերով մարդկութեան կը պարզէ կնոջ գեղեցկութիւնը»:
Իր տպաւորութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով, Ժանին Սեմերճեան կ՛ըսէ. «Թէեւ ես չեմ մասնակցած այս գործերուն, սակայն մենք ընտանեօք գիտենք գծել ու ստեղծագործել»:
Իւղաներկի, «աքուարել»ի թէ մեռած բնութեան (nature morte) ոճերով յատկանշուող 92ամեայ երէց արուեստագէտ Ժանսեմ պարգեւատրուած է շատ մը առիթներով, ինչպէս՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, Հայաստանի նախագահին կողմէ եւ ֆրանսական լեգէոնի «պատուոյ ասպետ»ի կոչումով:
Ան մեծապէս ազդուած է 18րդ դարու սպանացի արուեստագէտ Ֆրանսիսքօ Կոյայէն: