
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Օգտուելով Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի Լիբանան այցելութենէն, Դպրեվանքը պատիւը ունեցաւ Շաբաթ, 3 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7ին, հիւրընկալելու սրբազանը, որ ներկայացուց «Եկեղեցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները այսօր Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի Մէջ» շահեկան նիւթը։
Երեկոյի բացման խօսքը կատարեց Անդրանիկ սրկ. Տալքըլըճեան, որ նաեւ յիշեցուց, թէ «Դպրեվանքը Պիքֆայայի բարձունքին վրայ գտնուելով հանդերձ, աշխարհէն մեկուսացած չէ, այլ ամէն օր կը հետեւի աշխարհի մէջ տեղի ունեցող զանազան իրադարձութիւններուն»։ Ապա, աւետարանական հատուածի ընթերցումը կատարեց Յարութիւն Բանճարճեան։
Առաջին հերթին, դասասխօս սրբազանը վերյիշեց իր դպրեվանքեան կեանքը եւ ապա անցաւ իր նիւթին։ Ան նախ խօսեցաւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ քրիստոնէութեան նախնական շրջանին մասին, ապա անցնելով ներկայ մարտահրաւէրներուն, ըսաւ. «Մեր գոյութիւնը վտանգուած է այսօր. մենք պէտք է ցոյց տանք, որ մեր կրօնը սիրոյ եւ առ Աստուած ու առ մարդ փոխադարձ յարաբերութեան կրօն է։ Այսօրուան մեր մեծագոյն մարտահրաւէրը քրիստոնէական հաւատքին ցոլացումն է մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ»։
Սրբազան հայրը իր դասախօսութիւնը համեմեց իր կեանքի փորձառութենէն քաղուած քրիստոնէական վկայութեան եւ միջ-կրօնական յարաբերութիւններու բազմաթիւ օրինակներով։ Ան իր խօսքը աւարտեց կոչ ուղղելով դպրեվանեցիներուն. «Այս հանգրուանին, դուք պարտաւոր էք Դպրեվանքին մէջ հաւատքով լեցուելու, որպէսզի երբ ժամանակը գայ, կարողանաք դիմագրաւել ձեր մարտահրաւէրները՝ ի շահ հայ ժողովուրդին»։
Հարց-պատասխանի բաժինէն ետք, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եզրափակեց երեկոն, շնորհակալութիւն յայտնելով Սեպուհ սրբազանին եւ յիշեցնելով բոլորին, թէ ան գործնականօրէն կ՛արտայայտէ իր կապուածութիւնը Դպրեվանքին եւ թեհրանահայ երկու սաներ կ՛ուսանին Դպրեվանքին մէջ։ Տեսուչ սրբազանը ըսաւ. «Քրիստոնէութիւնը խաչի, յարութեան եւ յաւիտենական կեանքի ճամբան է։ Ճամբայ մը, որ միշտ լեցուն եղած է մարտահրաւէրներով, զորս կարելի է յաղթահարել միմիայն քրիստոսակեդրոն կեանքով։ Դպրեվանքը այդ կեանքին համար կազմաւորուելու իտէալական պարունակն է»։
Երեկոն աւարտեցաւ Դպրեվանքի հաւաքական գիշերային աղօթքով։