
ԳԻՒՄՐԻ, «ՓանԱրմինիըն».- «Վիվասել» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան Դեկտեմբեր 7ին այցելած է Գիւմրիի Աւստրիական մանկական հիւանդանոց, որուն տրամադրած է անմիջական բուժման սարքեր՝ հիւանդ նորածիններու խնամքը արդիական միջոցներով ապահովելու համար: Նշենք, որ «Վիվասել»ը BirthLink հասարակական կազմակերպութեան (ՀԿ) հետ համատեղ՝ նորածիններու խնամքի բարելաւման ուղղուած ծրագիրներ կ՛իրականացնէ։
«Ըստ վիճակագրական տուեալներու՝ Հայաստանի մէջ մանկական մահացութեան մակարդակը աւելի քան չորս անգամ կը գերազանցէ այնպիսի երկիրներու տուեալները, ինչպէս ԱՄՆ եւ Մեծ Բրիտանիա: Մենք չէինք կրնար ուղղակի դիտորդի դերի մէջ մնալ եւ սկսանք համագործակցել BirthLink ՀԿի հետ: Այսօր արդէն, մասնագէտները կ՛արձանագրեն դրական միտում. Հայաստանի մէջ նորածնային մահացութեան ցուցանիշը էականօրէն կրճատուած է», նշած է Ռալֆ Եիրիկեան: