ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Դեկտեմբեր 7ին ԵՈՒՆԻՍԵՖը ՀՀ Կառավարութեան կոչ ուղղած է՝ մանկական աղքատութիւնը դիմագրաւելու ուղղութեամբ, գտնե-լու քաղաքական լուծումներ եւ ձեռնարկել հրատապ քայլեր: ՀՀ Վիճակագրական ծառայութեան հրատարակած «Աղքատութիւնը եւ Սոցիալական Պատկերը» 2011ի զեկոյցին համաձայն՝ մանկական աղքատութիւնը կը շարունակէ մնալ աւելի բարձր, քան բնակչութեան մնացեալ մասի աղքատութեան մակարդակը:
ՄԱԿի տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ զեկոյցին մէջ նշուած է, որ 2010ի դրութեամբ Հայաստանի մէջ աւելի քան 300.000 երեխայ կ՛ապրի աղքատութեան մէջ՝ ամբողջ բնակչութեան 35.8 տոկոսի համեմատ: Աւելի քան 27.000 երեխայ ծայրայեղ աղքատ է՝ ամբողջ բնակչութեան 3 տոկոսի համեմատ:
Հաշմանդամ երեխաները կը կազմեն երկրորդ ամենախոցելի խումբը: Այս երեխաներու շուրջ 5 տոկոսը կ՛ապրի ծայրայեղ աղքատութեան մէջ, իսկ 54 տոկոսը՝ աղքատ է:
«Այս զեկոյցը, որ պատրաստուած է ՀՀ Ազգային վիճակագրութեան ծառայութեան կողմէ, տեղեկատուութեան կարեւորագոյն աղբիւր է, որուն հիման վրայ ծրագրաւորում պէտք է իրականացուի: Շեշտելով այն հանգամանքը, որ Հայաստանի մէջ երեխաները աղքատ խաւի ամենաաղքատն են, անիկա կոչ կ՛ուղղէ բոլորին՝ լրջօրէն անդրադառնալու այս խնդիրին եւ ուղիներ փնտռելու՝ պատշաճ ձեւով անոնց արձագանգելու համար», նշած է ԵՈՒՆԻՍԵՖի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Հենրիէձ Արենս:
Ընտանեկան նպաստները կը շարունակեն կարեւոր դեր ունենալ ծայրայեղ աղքատ եւ աղքատ ընտանիքներու բարեկեցութեան հարցով: Չնայած բարելաւուած թիրախային աջակցութեան՝ ընտանեկան նպաստները հասանելի չեն բոլոր անոնց, որոնք մեծ կարիքը ունին: Ներկայիս, ծայրայեղ աղքատ ընտանիքներու միայն 67 տոկոսը եւ աղքատ ընտանիքներու 26 տոկոսը կը ստանայ կանոնաւոր ընտանեկան նպաստ:
«ՀՀ Կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք՝ հրատապ արձագանգել մանկական աղքատութեան խնդիրին, որպէսզի երեխաները կարողանան իրացնել իրենց հիմնական գոյատեւման, առողջութեան եւ կրթութեան իրաւունքները: Յոյսով ենք, որ ՀՀ Ազգային ժողովին ընթացող պիւտճէի քննարկումներուն ժամանակ կառավարութեան եւ խորհրդարանի անդամները ջանքեր պիտի գործադրեն այս խնդիրը լուծելու ուղղութեամբ: Մանկական աղքատութեան խնդիրին չարձագանգելը կրնայ յանգեցնել անդառնալի հետեւանքներու թէ՛ երեխաներու եւ թէ՛ ամբողջ երկրի զարգացման համար յետագային», շեշտած է ԵՈՒՆԻՍԵՖի ներկայացուցիչը: