ՊՈԼԻՍ.- Երեքշաբթի, 22 Նոյեմբերին Գարագիւղի նախկին Օսմանեան դրամատան պատմական շէնքին մէջ բացումը կատարուեցաւ ողբացեալ լուսանկարիչ Մարիամ Շահինեանի լուսանկարներուն։
«Ցուցահանդէսը արուեստի շատ եզակի ու հետաքրքրական միջոցառում մըն էր, որ կը ցոլացնէր մինչեւ վերջ լուսանկարչութեան դասական արուեստին հաւատարիմ մնացած արուեստագէտ հոգիի մը զեղումները, նաեւ անոր հաւաքած շուրջ 200 հազար լուսանկարներու թանկագին արխիւը», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
Մարիամ Շահինեանի լուսանկարչական աշխատանոցը, որ կը կոչուէր «Ֆօթօ Կալաթասարա», շատ յայտնի էր։ «Մենք ալ տակաւին կը յիշենք Կալաթասարայի խաներէն մէկուն մէջ այդ համեստ աշխատանոցը, ուր կը նստէր Մարիամ Շահինեան, առանց յայտնի դարձնելու, թէ ինչպիսի՛ արուեստագէտ հոգի մը կայ անոր մէջ։ 1985ին ան իր աշխատանոցը յանձնեց ուրիշի մը։ Այս վերջինն ալ չկրցաւ քալեցնել գործը, ուստի փակեց խանութը։ Ան բարեբախտաբար լուսանկարներու արխիւները չփճացուց եւ տարաւ ու դրաւ «Արաս» հրատարակչութեան դրան առջեւ, որպէս հայու մը արխիւը», կը պատմէ «Մարմարա»:
Մարիամ Շահինեան ծնած է 1911ին, Սվասի ապարանքներէն՝ Շահինեան ապարանքին մէջ, որ հետագային անուանուեցաւ «Ճամլը Քէօշք», եւ գործածուեցաւ որպէս նամակատան շէնք։ Իր մեծ հայրը՝ Յակոբ Շահինեան փաշա, որ Հայոց Արծրունեան թագաւորութեան սերունդէն էր, եւ այդ պատճառով ալ ստացած էր Շահինեան ազգանունը, 1877ին հիմնուած Օսմանեան խորհրդարանին մէջ երեսփոխանի պաշտօն ունէր՝ ներկայացնելով Սվաս քաղաքը։
«Մարմարա» կը գրէ. «Մարիամ Շահինեան, որ երեսփոխանի մը թոռը ըլլալու դասակարգային մասնայատկութիւնն ունէր, չորսամեայ մանուկ տարիքին կեանքի յանկարծակի յեղաշրջում մը ապրեցաւ, 1915ին մեր ժողովուրդին վիճակուած սարսափի տարիներուն։ Շահինեանները Սվասի ամէնէն նահապետական եւ հեղինակաւոր ընտանիքներէն էին։ Որպէս սեփականութիւն, ունէին Սվասի շրջակայքը՝ 30 գիւղեր, հինգ հսկայ ալիւրի գործարաններ եւ անթիւ, անհամար կալուածներ։ Անոնք այս բոլորը, ինչպէս նաեւ իրենց ապարանքը ստիպողաբար լքելով՝ Սամսունի վրայով Իսթանպուլ ապաստանեցան»։
Մարիամ Շահինեան աչքերը փակած է 1996ին, Շիշլիի Հանըմեֆենտի փողոցին մէջ, եւ թաղուած է Շիշլիի Հայոց գերեզմանատան մէջ։