ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի (ԱԺ) Պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց յանձնաժողովի նախագահ Հրայր Կարապետեան, յանձնաժողովի անդամներ Հրանդ Մադաթեան եւ Վարդան Խաչատրեան, Նոյեմբեր 29ին Արցախի մէջ հանդիպած են ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանի հետ ու քննարկած պաշտպանութեան ոլորտի օրէնքներու կիրառման առնչուող հարցեր:
Նշենք, որ Նոյեմբեր 28ին, աշխատանքային այցով Արցախ մեկնած ՀՀ պատգամաւորները նոյն օրը հանդիպած էին Արցախի ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանի, խորհրդարանի Պաշտպանութեան, անվտանգութեան, օրինապահութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ժաննա Գալստեանի եւ յանձնաժողովի այլ անդամներու, որոնց հետ քննարկած էին յանձնաժողովներու համագործակցութեան ու միջխորհրդարանական կապերու աշխուժացման վերաբերող հարցեր: