ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28ի առաւօտեան, ընթացք առին Հոսնի Մուպարաքի իշխանութեան տապալումէն ետք Եգիպտոսի խորհրդարանական առաջին ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին իսլամական եւ աշխարհիկ, ինչպէս նաեւ նախկին վարչակարգի ներկայացուցիչներուն միջեւ բուռն մրցակցութիւն կը նախատեսուի։
Քուէարկողներու խուռներամ մասնակցութենէն յառաջացած երկար շարքերը պատճառ դարձան, որ քուէատուփերը նախատեսուածէն երկու ժամ ետք փակուին:
Ընտրութիւնները կը հսկեն շուրջ 10 հազար դատաւոր եւ 8 հազար դետ, սակայն միջազգային դէտեր ներկայ չեն եղած: Ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան 498 աթոռներու համար, իսկ նախագահը, որուն պարտականութիւնը ստանձնած է ներկայիս Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդը, 10 երեսփոխաններ կը նշանակէ։
Ընտրութեանց երկրորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 14ին, իսկ երրորդը՝ Յունուար 3ին։