ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ Հալէպի, Ռաքքայի եւ Տէր Զօրի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի զօրակցող ցոյցեր տեղի կ՛ունենային Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28ին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ մամլոյ ասուլիս մը տալով՝ անդրադարձաւ Սուրիոյ դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատելու Արաբական լիկայի Կիրակի օրուան որոշումին՝ զայն Սուրիոյ դէմ հռչակուած «տնտեսական պատերազմ» որակելով։
Ան ըսաւ, որ Արաբական լիկան, այդ որոշումով, սուրիական տագնապի լուծման բոլոր դռները փակեց, միաժամանակ քննադարելով լիկայի կարգ մը անդամները, որոնք «չեն ընդունիր, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներ գոյութիւն ունին»:
«Արաբները կը մերժեն Սուրիոյ ձայնը լսել՝ գործադրելով արտասահմանի մէջ Սուրիոյ դէմ պատրաստուած ծրագիրը», ըսաւ ան:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ սուրիական տագնապի լուծումը տեղի պիտի ունենայ նախագահ Ասատի առաջարկած բարեփոխումներու գործադրութեամբ, ազգային երկխօսութեամբ, զինեալ խմբաւորումներու զինումը դադրեցնելով եւ «Արապիա» ու «Ճազիրա» պատկերասփիւռի կայաններուն կողմէ գրգռիչ քարոզչութիւնը դադրեցնելով։
Նախարարը աւելցուց, որ Իրաք, Յորդանան եւ Լիբանան կը մերժեն Սուրիոյ դէմ տնտեսական պատժամիջոցները գործադրել, եւ Իրաքի ու Լիբանանի կեցուածքները պատուաբեր նկատեց՝ յոյս յայտնելով, որ մօտ օրէն Յորդանան եւս անոնց կեցուածքին կը միանայ։ Նշենք, որ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեզ, Երկուշաբթի օր անակնկալ այցելութեամբ մը Յորդանան մեկնեցաւ։
Անդրադառնալով թրքական կեցուածքներուն՝ նախարարը ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ կարգ մը ցոյցեր սուրիական շուկան թրքական ապրանքներով ողողելու երեւոյթին դէմ էին: Մուալլեմ նշեց, որ Թուրքիա փոխադրուած են Լիպիոյ մէջ ճակատամարտերու մասնակցած խումբեր՝ զանոնք Սուրիա ուղարկելու համար։ Ան յայտնեց, որ դրացի երկիրներու մէջ զինեալ խմբաւորումներուն զօրակցողները կառավարութիւններ չեն, այլ՝ խմբաւորումներ։
Վերոնշեալ մամլոյ ասուլիսէն կարճ ժամանակ ետք, «Եու.Փի.Այ.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Լաթաքիոյ մէջ յոյն ուղղափառներու առաջնորդարանին առջեւ ականուած ինքնաշարժ մը պայթած է՝ պատճառելով նիւթական վնասներ։
Միւս կողմէ, նախագահ Ասատ «Արապփրէս»ի հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիոյ նպատակը Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնելն է, եւ այդ պատճառով ալ Թուրքիա կը փորձէ իր ազդեցութիւնը տարածել Արաբական աշխարհին մէջ, կրօնական կուսակցութիւններու միջոցով։
Նաեւ, իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտարարած է, որ եթէ թրքական բանակը Սուրիա ներխուժէ, ապա «մենք Թուրքիոյ դէմ պատերազմ պիտի յայտարարենք։ Սուրիոյ դէմ որեւէ ռազմական միջամտութիւն՝ Իրանի դէմ պատերազմ յայտարարել պիտի նշանակէ», ըսած էր ան։
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտնեց, որ Թուրքիա յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին պիտի յայտարարէ Սուրիոյ դէմ հաստատուելիք յաւելեալ պատժամիջոցները:
Նաեւ, ռուսական «Իզվեսթիա» թերթը հաղորդեց, որ յառաջիկայ ամիս ռուսական մարտանաւեր, օդանաւակիր «Ամիրալ Քուզնեցով»ի գլխաւորութեամբ՝ դէպի սուրիական Թարթուս նաւահանգիստը պիտի ուղղուին։ Օրաթերթը կը նշէ, որ ներկայիս հիւլէական ուժով բանող «Ճորճ Պուշ» օդանաւակիրի գլխաւորութեամբ ամերիկեան մարտանաւեր կը գտնուին սուրիական ծովափին մօտ։