
Բանաստեղծական տաղեր եւ ուտի լարերը ստեղծեցին մտերմիկ երեկոյ մը՝ Նոյեմբեր 11ին, «Մ. եւ Գ. Գարամանուկեան» կեդրոնէն ներս։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղին կողմէ, որ Նիւ Եորքէն յատուկ հրաւիրած էր բանաստեղծուհի Լօլա Գունտաքճեանը։
Կարէն Գազանճ ներկայացուց Գունտաքճեանը, որ իր կարգին մտածումներ փոխանցեց եւ ընթերցեց իր վերջին հրատարակութենէն՝ «The Accidental Observer»էն։ Գիրքը հաւաքածոյ մըն է հեղինակի իւրայատուկ քերթուածներուն՝ 3 լեզուներով՝ հայերէնով, անգլերէնով եւ սպաներէնով։
Քերթուածները համառօտ ու պարզ լեզուով կը խօսին սիրոյ, կեանքի, տարբեր քաղաքներու եւ յիշատակներու մասին։ Գունտաքճեանին ընթերցումներէն ետք ելոյթ ունեցաւ Անդրանիկ Քզիրեան, որ իր ուտի նուագներով հիացմունք յառաջացուց աւելի քան 35 ներկաներուն մօտ։
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ գինիի հիւրասիրութիւն եւ ապա՝ վիճակահանութիւն։ Բախտաւոր անձը, որ ապահովեց 11.11.11. թուականին համարը, շահեցաւ Գունտաքճեանի գիրքը։