
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ պետութեան անունով Տերսիմի կոտորածներուն համար խնդրուած ներողութիւնը շարժումի մղած է նաեւ Մարդկային իրաւունքներու միութիւնը, որուն վարչութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրատարակելով՝ ըսաւ, թէ ներողութիւն խնդրելու այս նախաձեռնութիւնը առաջին քայլ է: Ողջունելով Էրտողանի այս քայլը՝ վարչութիւնը կոչ ըրաւ հիմնելու «Ճշմարտութեան յանձնախումբ» մը՝ կոտորածներուն ծալքերը բացայայտելու համար:
Միութեան անունով խօսեցաւ Էօզթիւրք Թիւրքտողան, որ ըսաւ, թէ բազմաթիւ երկիրներու մէջ գոյութիւն ունին Ճշմարտութեան յանձնախումբեր, որոնց աշխատանքը միասնութեան մթնոլորտ կը ստեղծէ, այլ ո՛չ թէ անջատումի ու պառակտումի մթնոլորտ։
«Թուրքիոյ մէջ կան տակաւին հարցեր, որոնց մասին ալ քննութիւններ ու հրապարակումներ պէտք է կատարուին։ Այս խնդիրներու կարգին է նաեւ 1915ին հայերու դէմ գործուած անմարդկային յանցանքներու խնդիրը ու գործուած ցեղասպանութեան յանցագործները երեւան հանելու հրամայականը», ըսաւ ան։
Ան աւելցուց, որ այլ խնդիրներու կարգին են քրտական տագնապը, փոքրամասնութիւններու դէմ գործուած յանցագործութիւնները, զինուորական հարուածներու ընթացքին գործուած յանցագործութիւնները, բանտերու մէջ գործուած յանցանքները, եւ այլն:
Միւս կողմէ, «Ռատիքալ» թերթին հարցումներուն պատասխանելով՝ Մարդկային իրաւանց պաշտպան Էրեն Քեսքին յայտնած է, թէ Թուրքիա նախ եւ առաջ պէտք է Հայկական Ցեղասպանութեան համար ներողութիւն խնդրէ։
«Կան հարիւրաւոր, հազարաւոր պատահարներ, որոնց համար Թուրքիոյ հանրապետութեան պետութիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրէ։ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը շարունակութիւնն է իթթիհատական մտայնութեան. այն մտայնութեան, զոր իրականացուցած էր 1915ի Ցեղասպանութիւնը։ Այս պատճառով, պետութիւնը ամէն բանէ առաջ պէտք է ներողութիւն խնդրէ այն մեծ յանցագործութեան համար, որ այնքան մեծ թիւով մարդիկ տառապեցուցած էր: Ներողութիւն խնդրելն ալ բաւարար չէ. ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդին պէտք է վճարուի նիւթական ու բարոյական բոլոր վնասներուն փոխարժէքը», ըսած է Քեսքին: