ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տենի Այալոն յայտարարած է, թէ Իսրայէլի խորհրդարանը Հայկական Ցեղասպանութիւնը պիտի չճանչնայ, որովհետեւ նման քայլ մը վնաս պիտի հասցնէ Իսրայէլի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութեանց:
«Կարելի չէ Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւնները վտանգի տակ դնել, հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութեանց համար», ըսած է ան:
Կ՛ակնկալուի, որ Իսրայէլի խորհրդարանը Դեկտեմբերին քննէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: