ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ետք, Ֆրանսայի կառավարման անցած Սուրիոյ Անտիոքի տարածաշրջանը (Թուրքիա զայն կը կոչէ Հաթայի տարածաշրջան) իրեն կցելու համար, Թուրքիա 1939ին Ֆրանսային 7 միլիոն ֆրանք վճարած է. այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» թերթը:
Թուրքիոյ կառավարութեան արխիւներէն նման բովանդակութեամբ փաստաթուղթ ձեռք բերած է թրքական «Վաթան» թերթի թղթակից Մուսթաֆա Ալթունթաշը: