ՓԱՐԻԶ «Նիուզ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի նոր համանախագահ, ֆրանսացի դիւանագէտ Ժագ Ֆորն, իր պարտականութիւնները պիտի ստանձնէ յառաջիկայ Յունուարին: Ուքրանիոյ մօտ Ֆրանսայի ներկայ դեսպան Ֆոր, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահի պաշտօնին նշանակուելով՝ պիտի փոխարինէ Պեռնար Ֆասիէն, որ իր առաքելութիւնը պիտի աւարտէ տարեվերջին:
Ֆասիէի վերջին այցելութիւնը տարածաշրջան ծրագրուած է Նոյեմբերի վերջաւորութեան: