
Նիւփորթ Պիչ հաստատուած Հայ ակնաբուժական ծրագիրի հիմնադիր տոքթ. Ռաճըր Օհաննէսեան, վերջերս սկսած է Հայաստանի մէջ իր բարեգործական աշխատանքը աւելի եւս ընդարձակելու նպատակով ձրի խորհրդատուութիւն ստանալու ամերիկեան «Կերսըն Լերմըն» խմբակէն, որ սովորաբար վճարով խորհրդատուական սպասարկութիւններ կը տրամադրէ աշխարհի տարածքին գործող ընկերութեանց:
Հայ ակնաբուժական ծրագիրին համար դրամահաւաքի նոր կարելիութիւններ ստեղծելու նպատակով կատարուող խորհրդատուութիւնը սկսած է, երբ ձրի խորհրդատուութիւն կատարելու առաջարկները քննելու ընթացքին, «Կերսըն Լերմըն» խմբակի պաշտօնեայ մը, որ ծանօթ եղած է Հայ ակնաբուժական ծրագիրի բարեսիրական գործունէութեան, առաջադրած է զայն՝ արժէքաւոր ներդրում մը ունենալով ծրագիրի աշխատանքներուն:
Նիւթական օժանդակութեան կողքին, Հայ ակնաբուժական ծրագիրը յատուկ աշխատանք կը տանի նաեւ աչքերու քննութեանց գործիքներ եւ դեղորայք ապահովելու նպատակով: