
ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) Հայ ուսանողական միութեան, «Ասպարէզ» թերթի, ՀԵԴի ու Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1ին, երեկոյեան ժամը 7-9, տեղի պիտի ունենայ Սիւզան Խարտալեանի բեմադրած նորագոյն վաւերագրած շարժապատկերին՝ «Grandma՛s Tattoos»ին («Տատիկիս Դաջուածքները») ցուցադրութիւնը, համալսարանի «Փերլոֆ Հօլ» շէնքի թիւ 102 սրահին մէջ:
Ցուցադրութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ հարցուպատասխանի բաժին մը՝ ներկայութեամբ բեմադրիչին:
Շարժապատկերը նուիրուած է Հայկական Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ շահագործուած հազարաւոր հայ կանանց:
1919ին, 90,819 հայ կիներ, աղջիկներ եւ երեխաներ փրկուած էին Օսմանեան կայսրութեան դէմ յաղթանակ ապահոված ուժերուն կողմէ, սակայն պոռնկութեան պարտադրուած կիները, նոյնիսկ ազատելէ ետք, տառապած են զիրենք մեկուսացման մատնած դաջուածքներուն պատճառով:
Շուէտ հաստատուած, իսկ լրագրական ուսումը Պէյրութի եւ Փարիզի մէջ ստացած Սիւզան Խարտալեան նաեւ մագիստրոսի տիտղոս ունի միջազգային օրէնքի եւ դիւանագիտութեան ճիւղին մէջ, «Թաֆց» համալսարանի «Ֆլեչըր» բաժանմունքէն, ու յօդուածներ կը գրէ զանազան թերթերու, ներառեալ՝ «Ասպարէզ»ի: Ան բեմադրած է աւելի քան 20 շարժապատկերներ, որոնք ցուցադրուած են Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի տարածքին: Անոնց շարքին են՝ «Back to Ararat»ը, որ 1988ին արժանացաւ Շուէտի լաւագոյն շարժապատկերի մրցանակին, եւ «I Hate Dogs. The Last Survivor»ը (2005), որ նմանապէս Ցեղասպանութեան հարցի քննարկման նուիրուած էր: