ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ վճռաբեկ ատեանի 4րդ իրաւական վարչութիւնը ուժի մէջ պահած է թուրք յայտնի գրող, Նոպէլեան գրականութեան մրցանակի տիրացած Օրհան Փամուքի դէմ Պոլսոյ Շիշլի շրջանի 3րդ ատեանի որոշումը, որ հեղինակէն կը պահանջէ 12,500ական թրքական լիրա վնասուց հատուցում կատարել վեց թուրք ազգայնամոլներու:
Ազգայնամոլները Փամուքի դէմ դատ բացած էին՝ պնդելով, թէ իրենց արժանապատուութիւնը վիրաւորուած է Փամուքի այն յայտարարութենէն, թէ՝ «թուրքերը 1 միլիոն հայեր եւ 30 հազար քիւրտեր սպաննած են»:
Դատը բացուած էր՝ օգտագործելով Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301րդ յօդուածը:
Թուրքիոյ վճռաբեկ ատեանի որոշումին մէջ կ՛ըսուի. «Ատեանը ուժի մէջ կը պահէ թուրք ժողովուրդը վիրաւորելու, զայն մարդասպան յայտարարելու, օտար ազգերու մօտ թուրքերուն դժուար վիճակի մէջ դնելու, հայկական պնդումներուն աջակցելու եւ թուրք ազգի իւրաքանչիւր ներկայացուցիչի անձնական իրաւունքներուն վրայ յարձակում գործելու մեղադրանքներով տրուած վճիռը»:
Թուրք ազգայնամոլները ներկայացնող փաստաբանը, ոգեւորուած այս վճիռէն՝ կոչ ըրած է, որ նման հատուցման պահանջներով դատարաններ դիմեն Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիները՝ սնանկացնելու համար Փամուքը: