ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պոլսոյ մէջ, Տերսիմի միութիւններու դաշնակցութիւնը կազմակերպած է 74 տարի առաջ մահապատիժի ենթարկուած Սէյիտ Ռըզայի եւ անոր ընկերներու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը:
«Ֆրաթ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Պոլսոյ «Թաքսիմ» հրապարակ հաւաքուածները մոմեր վառած են ու ծաղիկներ զետեղած են Սէյիտ Ռըզայի եւ անոր ընկերներու յիշատակին:
Յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք, Տերսիմի միութիւններու դաշնակցութեան նախագահ Օզքան Թաճար ելոյթ ունենալով՝ նշած է, որ 74 տարի առաջ, Անգարայի հրահանգով Տերսիմ ուղարկուած դատաւորը անմարդկային եւ անօրինական միջոցներով մահապատժի ենթարկած է Սէյիտ Ռըզայն եւ ընկերները: Թաճար նաեւ պահանջած է, որ իշխանութիւնները բացայայտեն Ռըզայի եւ միւսներուն գերեզմաններուն վայրը, վերադարձնեն Տերսիմ անունը (ներկայիս Տերսիմը վերանուանուած է Թունճելի) եւ Տերսիմի ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրեն:
Նշենք, որ 1937-1938 թուականներուն, թրքական իշխանութիւնները արեան մէջ խեղդած են Տերսիմի ըմբոստութիւնը՝ բնաջնջելով հազարաւոր գիւղեր եւ պաճտառելով մինչեւ 100 հազար զոհ, մեծամասնութեամբ՝ քիւրտ ալաուիներ:
1915ի Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Տերսիմի տարբեր գիւղերու մէջ պատսպարուած հազարաւոր հայեր, 1938ին կրկնակի ցեղասպանութեան ենթարկուեցան: