
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Արմէնփրէս».- Թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքին համաձայն, ամերիկեան «Moon and Stars Project» կազմակերպութիւնը հանրայայտ երաժիշտներ Արթօ Թունջպոյաճեանի եւ աշխարհահռչակ ուտահար Արա Տինքճեանի մասնակցութեամբ, Նիւ Եորքի «Մերկին» սրահին մէջ կազմակերպած է «Եղբայրական երգեր» կոչուած բարեգործական համերգը՝ օգնելու համար Վանի երկրաշարժէն տուժածներուն:
Երաժիշտները կատարած են հայկական, յունական, վրացական, արաբական եւ թրքական երաժշտութիւններ: