
ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր»չ.- Գործարար Սիլվա Համբարձումեանէն ստացուած գրաւոր հաղորդումին հիման վրայ, ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութեան մօտ յարուցուած է քրէական գործ մը, ըստ որուն, Սիւնիքի մարզպետը Նոյեմբեր 14ին, «Արմէնիա-Մարիո»չ հիւրանոցին մէջ ծեծած է Համբարձումեանը:
Ս. Համբարձումեանին առաջարկուած է դատաբժիշկի ուղեգիր, սակայն ան մերժած է փորձաքննութեան ենթարկուիլ՝ պատճառաբանելով, որ մարզպետին հարուածներէն ցաւ զգացած է, սակայն մարմնական վնասուածքներ չէ ստացած:
Յարուցուած է քրէական գործ եւ կը կատարուի նախաքննութիւնը: