
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 9ին, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ տուած միացեալ ասուլիսին ընթացքին, Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոնաս Կահր Շթէորէ նշեց, թէ Նորվեկիան համոզուած է, որ տարածաշրջանային հակասութիւնները պէտք է լուծուին խաղաղ ճանապարհով, դիւանագիտութեան միջոցով եւ քաղաքական ջանքերու շնորհիւ:
«Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, ապա մենք կ՛աջակցինք Մինսկի խումբին (ՄԽ), ինչպէս նաեւ առհասարակ միջազգային հանրութեան ջանքերուն, որոնք ուղղուած են խաղաղութեան հաստատման», շեշտեց Նորվեկիոյ ԱԳ նախարարը:
Անդրադառնալով այն մտահոգութեան, թէ Ատրպէյճան կրնայ օգտագործել նորվեկիական ներդրումները տարածաշրջանին մէջ սպառազինութիւններու մրցավազքը հրահրելու համար՝ Եոնաս Կ. Շթէորէ նշեց, թէ Նորվեկիոյ կառավարութիւնը յոյսով է, որ արտասահմանի մէջ նորվեկիական իւրաքանչիւր ընկերութիւն կը գործէ ոչ միայն հիւրընկալ երկրի օրէնքներուն, այլեւ միջազգային չափանիշներու համաձայն:
«Կասկած չունիմ, որ նորվեկիական ընկերութիւնները այդպէս կ՛ընեն նաեւ Ատրպէյճանի մէջ», ըսաւ ան եւ նշեց, որ Նորվեկիան Ատրպէյճանի հետ ունի տնտեսական որոշ յարաբերութիւններ՝ աւելցնելով, թէ հայաստանեան իր այցը ունի նաեւ տնտեսական հեռանկար:
«Մենք կը փափաքինք խորացնել Հայաստանի եւ Նորվեկիոյ յարաբերութիւնները: Մենք դեռ յառաջընթացի կարիք ունինք տնտեսական ոլորտին մէջ, իսկ այն ոլորտներու պարագային, որոնց գծով Նորվեկիան փորձառութիւն ունի, պատրաստ է զանոնք կիսելու Հայաստանի հետ», յայտնեց Եոնաս Կահր Շթէորէ: