ԵՐԵՒԱՆ.- Աբխազիոյ նախագահ Ալեքսանդր Անկուաբի հրամանագրով հայազգի Դաւիթ Իրադեանը նշանակուած է այդ հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար: Այդ մասին կը տեղեկացնէ «Ապսնիպրես» գործակալութիւնը:
32ամեայ Դ. Իրադեանը 2010ի Ապրիլէն ի վեր կը վարէր Աբխազիոյ տնտեսութեան փոխնախարարի պաշտօնը: