ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Կազմակերպութեամբ Հայ ազգային կրթական խորհուրդին, 1 Հոկտեմբերին Արեւելեան թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար՝ մասնակցութեամբ հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն: Սեմինարին նպատակն էր արծարծել այն հարցերն ու դժուարութիւնները, որոնք կը դիմագրաւեն վարժարանները ներկայիս:
Խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Մսըրլեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հրաւիրեց Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեանը, որպէսզի փոխանցէ իր խօսքը: Ան հաստատեց, որ հայ ուսուցիչը իր լաւագոյնը կու տայ, որպէսզի հայկական ոգին արթնցնէ եւ փոխանցէ աշակերտներուն:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Քարոլին Շմաւոնեան սեմինարի մասնակիցներուն մաղթեց յաջող ընթացք: Ան բացատրեց, որ իւրաքանչիւր շաբաթ ուսուցիչները պատասխանատուութիւն ունին երիտասարդութեան սորվեցնելու հայոց լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ:
Այնուհետեւ Հայ ազգային կրթական խորհուրդի տնօրէն Վարդան Մաթէոսեան ներկայացուց խորհուրդին աշխատանքը:
Սեմինարի դասախօսներէն տոքթ. Արսինէ Օշականի նիւթն էր՝ «Նոր եղանակ, նոր նպատակ»: Ան բացատրեց, որ «նոր եղանակ» կը նշանակէ գտնել միջոց մը, որ իրենց մտածելակերպը փոխեն, իսկ «նոր արդիւնք» պէտք է, որպէսզի բացատրուի, թէ ինչո՛ւ իւրաքանչիւրը ընտրած է ուսուցչական ասպարէզը:
Խորհուրդի անդամ տոքթ. Ասպետ Վասիլեան խօսեցաւ հայկական վարժարաններու մասին: Ան հրաւիրեց խորհուրդի անդամ Սօսի Էսաճեանը, որ խօսեցաւ իր փորձառութեան մասին՝ Ուոթըրթաունի հայկական վարժարանին մէջ:
Աւարտին Յարութիւն Մսըրլեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակցողներուն եւ դասախօսներուն: