ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ որոշ ժամանակէ մը ի վեր փակ էր վերանորոգութեան պատճառով, Չորեքշաբթի օր վերաբացուեցաւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ կատարուած օծման արարողութենէն ետք։ Վերաօծումը կատարուեցաւ յետմիջօրէին։
Արամ սրբազան «Դռնբացէք»ի արարողութենէն ետք, Կրօնական ժողովի ատենապետ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեանի, Եղիշէ վարդապետի, Զատիկ աբեղայի եւ քահանաներու ընկերակցութեամբ, ինչպէս նաեւ շարականներու երգեցողութեամբ, մուտք գործեց եկեղեցիէն ներս ու կատարեց օծման արարողութիւնը։ Գինիով լուացուեցան խորանին Ս. սեղանը, աջակողմեան ու ձախակողմեան սեղանները, ապա օծուեցան միւռոնով։